ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Հարաւարեւելեան Թուրքիոյ մէջ Երկուշաբթի, Յուլիս 6ին, առնուազն չորս աշխատաւորներ սպաննուեցան եւ 9 ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ ճամբուն եզրին զետեղուած ական մը քանդեց անոնց ինքնաշարժը։
Ինքնաշարժը աշխատաւորները կը փոխադրէր Շըրնաք նահանգին մէջ ճանապարհի կառուցման աշխատանքներու վայր մը, երբ, ըստ թրքական աղբիւրներու, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կողմէ զետեղուած ականի մը զոհ դարձան։