ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետւետեւի օգնական Արկադի Տուորկովիչ Մոսկուայի մէջ Յուլիս 7ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ «Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը պիտի քննարկուի Յուլիս 8-10ին, Իտալիոյ մէջ տեղի ունենալիք «Մեծ ութեակի» («G-8») գագաթնաժողովին ընթացքին, սակայն՝ ոչ ընդարձակօրէն»:
«Առաջնորդները միայն պիտի նշեն իրենց վերաբերմունքը այն խորհրդակցութիւններու արդիւնքներուն նկատմամբ, որոնք արդէն տեղի ունեցած են տարբեր մակարդակներու վրայ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի աշխատանքի ձեւաչափով», հաւաստած է ան:
Ըստ Ռուսիոյ նախագահի օգնականին, Ռուսիա առաջընթացի յոյս ունի ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ, որովհետեւ որոշ դրական տեղաշարժեր այդ ուղղութեամբ արդէն իսկ կան: «Մենք լաւ գործընկերական, բարեկամական եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ ունինք ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի հետ», նշած է Տուորկովիչ: