«Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ, վերջերս, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի ու եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հանագանակային երեկոյ մը, որուն ընթացքին գոյացաւ աւելի քան քսանհինգ հազար տոլար:
Տէր Վիգէնի ներդրումը այս ձեռնարկի յաջողութեան գրաւականն էր: Ան անձնապէս հրաւիրած էր իր մօտիկ շրջանակը, ընկերներ, բարեկամներ ու հարազատներ՝ միասին մտերմիկ երեկոյ մը անցընելու եւ ազգային կարեւոր կառոյցի մը համար նիւթական օժանդակութիւն ապահովելու համար:
Ճիգը արդիւնաւորուած էր: Երեկոյին ներկայ էին 160 ազգայիններ, որոնց շարքին էին Մեծն Լոս Անճելըսի տարբեր շրջաններէ եկած հայորդիներ, միշտ պատնէշի վրայ ու ազգային որեւէ օգտակար ծրագրի մը նուիրաբերելու պատրաստ մարդիկ եւ արուեստագէտներ:
Ներկաներուն շարքին էր նաեւ իր պաշտօնէն հրաժարելու որոշումը նոր յայտարարած «Ալէք Փիլիպոս» վարժարանի տնօրէն դոկտ. Վիգէն Եագուպեանը:
Տէր Վիգէն, իր բարի գալուստի խօսքէն ու ներկաներուն իր շնորհակալութիւնը յայտնելէ ետք, հրաւիրեց դոկտ. Եագուպեանը, եւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Մկրտիչ Պարսումեանն ու նոյն մարմնի անդամ Տաճատ Երէցեանը, որպէսզի միասնաբար յիշատակի նուէր մը փոխանցեն դոկտ. Վիգէն Եագուպեանին:
Տէր Վիգէն գնահատական խօսքեր ուղղեց դոկտ. Եագուպեանին, արժեւորելով անոր տասնվեցմեայ բեղուն ու արդիւնաւէտ գործունէութիւնը վարժարանի տնօրինութեան պաշտօնին ընթացքին:
Դոկտ. Վիգէն, իր կարգին խօսք առնելով՝ դրուատեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւն ու Հոգաբարձութիւնը, որոնք միշտ կանգնած են «Ալէք Փիլիպոս»ի թիկունքին եւ միշտ նեցուկ կանգնած են տնօրէնի նախաձեռնութիւններուն:
Դոկտ. Վիգէն յատկապէս գնահատեց Հոգաբարձութեան ցուցաբերած համագործակցութեան ոգին, որուն շնորհիւ աշխատանքները դպրոցէն ներս միշտ ընթացած են հեզասահ:
Երեկոյի ընթացքին երգով հանդէս եկաւ արուեստագէտ Ռազմիկ Մանսուրեանը: Երգիչ Գօգօ Հայիթեան ներկայացուց երաժշտական շարք մը կատարումներ: æերմ մթնոլորտի ստեղծած ոգին մեծապէս նպաստեց, որ երեկոյի ընթացքին հանգանակուի աւելի քան քսանհինգ հազար տոլարի գումար:
Քանի մը օր ետք, տէր Վիգէն, Տաճատ Երէցեանի հետ միասին, ուրախութեամբ տեղեկացուց խմբագրութեանս, թէ այդ գումարով չէք մը արդէն յանձնած են դպրոցին:
Վարձքերնիդ կատար տէր Վիգէն եւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւն: