Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ՝ իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեան, որ անցնող երեք տարիներու ընթացքին առաջնորդարանը ներկայացնելով կը ծառայէր Մեծն Լոս Անճելըսի Ամերիկեան Կարմիր խաչի Խնամակալ մարմնին մէջ, վերընտրուեցաւ ծառայելու համար երեք տարուան նոր շրջանի մը համար: Վերընտրութիւնը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ, Կարմիր խաչի 93րդ տարեկան համագումարին ընթացքին:
Մեծն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը Ամերիկայի մէջ իրենց առաքելութիւնը կատարող աւելի քան 750 Կարմիր խաչի մասնաճիւղերէն մէկն է: Ան երկրին մէջ ծառայող երկրորդ մեծագոյն մասնաճիւղն է, որ կը ծառայէ Լոս Անճելըս գաւառի աւելի քան 6 միլիոն բնակիչներուն:
Կանիմեան, որ կը ծառայէ նաեւ Տնտեսական զարգացման յանձնախումբի կազմին մէջ, յաջողեցաւ 25,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը ապահովել «Pacific Western» դրամատունէն, որ վերջերս Կարմիր խաչին յանձնուեցաւ այս դրամատան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն Աւօ Մարգարեանի կողմէ: