Մարի Ռըշշոյի «Քոլերայի դուստրը» (հրատարակչատուն՝ «Սաքի») վէպը մեծ մօր մը յիշողութեան ընդմէջէն կը վկայէ Հայոց Ցեղասպանութեան ու բռնագաղթին մասին:
Մեծ մայրը՝ Արշոն, որ դրուագներ կը պատմէր իր թոռան՝ Լորային, կը մարմնաւորէ տակաւին կենդանի անցեալն ու հաւաքական յիշողութիւնը, որովհետեւ ան Թուրքիոյ մէջ հայութեան արհաւիրքը ապրելէ ետք, փրկուած ու ապրած է Սուրիոյ մէջ:
Մեկնակէտ ունենալով իր մեծ մօր վկայութիւնները՝ Լորա Ցեղասպանութեան ու բռնագաղթին ընդմէջէն կը պատմէ հայ ժողովուրդին տառապանքներուն մասին, նոյնիսկ եթէ ան կը կեդրոնանայ միայն իր մեծ մօր անցեալին վրայ՝ ըսելով. «Մեծ մօրս պատմութիւնը կը նմանի բռնագաղթին մասին ուրիշ շատ մը պատմութիւններու»:
Մեծ մայրը կը խորհրդանշէ այս յիշողութեան շարունակականութիւնը, հայոց յիշողութիւնը, որ կը մերժէ մեռնիլ ու մարիլ: Ան իր թորան փոխանցեց սկզբնական յիշողութիւնը՝ պատմութիւններու ընդմէջէն, որուն վրայ եկան աւելնալու պատմութեան մէջ մասնագիտացումն ու Ցեղասպանութեան հանգրուանին կապուած գիրքերուն եւ փաստաթուղթերուն ուսումնասիրութենէն քաղուած տեղեկութիւններու պաշարը:
Շատ հաւանաբար մեծ մօր մահուան պահուն Լորայի հիւանդութեան եւ զառանցելուն պատճառը կը վերագրուի անոր այն զգացումին կամ վախին, թէ այդ յիշողութիւնը պիտի խախտի կամ նոյնիսկ կորսուի: «Այդ պահուն ուզեցի երեխայ մնալ, չմեծնալ, եւ մեծ մայրս չմեռնէր, ողջ մնար», կ՛ըսէ ան: Մեծ մօր մահով, Լորա անդրադարձաւ, թէ՝ «անոր պատմութիւնները երեւակայական չէին», անոնք պիտի կազմէին իր գիտակցութիւնը եւ ըլլային իր մեծ մօր յիշողութեան յաւերժացումը: «Ան երբեք զիս չլքեց… պզտիկ գլխուս մէջ մեծ մօրս ցանածը կը նմանէր ցորենի հատիկի մը, որ օր մը պիտի աճէր ու մեծնար», կ՛ըսէ Լորա:
Մինչ անցեալը կ՛ապրէր մեծ մօր ու թորան յիշողութեան ընդմէջէն, հայրը կը խորհրդանշէր «ցաւալի յիշատակներն» ու անցեալը շրջանցելու փափաքը: Ան չէր ուզեր «վերադառնալ այդ օրերուն, ու վերապրիլ մահը», եւ երբ՝ «յիշատակները վերադառնային, ան փախուստ կու տար դէպի մոռացութիւն»: Ինք ազատելու համար անցեալէն, իր աղջնակը անուանեց Լորա եւ ոչ Արշօ (Արշալոյս)՝ անոր մեծ մօր անունով: Լորային հօր՝ Վահանին ամուսնութիւնը Սիմային՝ Արշոյին մեծցուցած աղջկան հետ, որոշ չափով պահպանումն էր անցեալին ու հաւաքական յիշողութեան:
Հայ ժողովուրդին տառապանքները ծայր կ՛առնեն այնպիսի օրերու, երբ հայերը խաղաղօրէն կ՛ապրէին Անատոլուի մէջ: Այդ օրերու իշխանութիւնները կը ձգտէին «շրջանը մաքրել օտարներէն եւ անհաւատներէն, որպէսզի Թուրքիան պատկանի միայն թուրքերուն»: Իսկ երբ Թուրքիա պարտուած դուրս եկաւ պատերազմէն, Թալէաթ փաշա իր ձախողութիւնը վերագրեց հայերուն՝ Ռուսիոյ հետ զօրակցութեան, որոշեց «վրէժ լուծել» քաւութեան նոխազ դարձած հայերէն, եւ՝ «Թուրքիոյ մէջ չմնաց քաղաք մը, որուն մէջ մահ չսփռեց»:*
Արշօ վերջնականօրէն բաժնուեցաւ իր ամուսինէն՝ Նազարէն, երբ վերջինը ստիպուեցաւ միանալ թրքական բանակին: Մինչ այդ, ձերբակալուեցաւ Արշոյին եղբայրը, որուն ճակատագիրը մնաց անյայտ: Եւ որովհետեւ ըստ այդ օրուան իշխանութիւններուն, «ժողովրդավարութիւնը կը թելադրէ աքսորել», ուստի հայ ժողովուրդը բռնագաղթի ենթարկելու ծրագիրներ սկսան մշակուիլ:
Բռնագաղթի ճամբուն վրայ ըսուեցաւ, թէ՝ «ոստիկանները երիտասարդուհիները կը ծախէին ճամբորդներու: Ըսուեցաւ նաեւ, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը հրահանգած էր ցեղախումբերուն, որ առեւանգեն… հայ կիները»: Գաղթականները քալեցին խումբերով, կարծես ըլլային մորթուելու գացող անասուններ: Շատեր ինկան, եւ մնացին անոնք, որոնք տոկացին անօթի ու ծարաւ, մինչ «թուրք ոստիկանները ջուրը կը թափէին ծարաւ հողին վրայ… երեխաներէն մին վազելով փորձեց քամել ափ մը հողը՝ անկէ կաթիլ մը ջուր ստանալու համար»: Երեխաները վարակուեցան քոլերայով, որ խլեց շատերուն կեանքը:
Արշոն, որ իր երկուորեակ զաւակներուն՝ Վահանին եւ Ռիթային հետ էր, իր աղջնակը տուաւ արաբ անցորդ կնոջ մը՝ ըսելով. «Ա՛ռ, անօթի է, կերակրէ զինք»: Իսկ աղային կինը, իր նորածին զաւակը վստահելով Արշոյին՝ անհետացաւ: Այս նորածին զաւակը՝ Սիման, պիտի ըլլար Վահանին կինը, իսկ Աւոն՝ Վահանին եղբայրը, երբ թուրք ոստիկան մը պիտի բռնաբարէր Արշոն:
Երկար քալելէ ետք ողջ մնացած գաղթականներու շուրջ 10 առ հարիւրը հասաւ շոգեկառքին մօտ, որ զիրենք փոխադրեց Հալէպ: Ու հոնկէ սկսաւ երկրորդ բռնագաղթ մը՝ դէպի այլ շրջաններ: Ըստ հրահանգներուն, «Պէտք էր շարունակել բռնագաղթը, որպէսզի անոնք, որոնք ողջ մնացած էին, մեռնէին քաղաքէն քանի մը քիլոմեթր անդին»: Ռաս Ուլ Այնի մէջ հայերուն տրուեցան աշխատանքի կարելիութիւններ, սակայն նոր հրահանգներով հայերը վտարուեցան շրջանէն: Այս անգամ Արշօ իր երեք զաւակներով ուղղուեցաւ դէպի Հալէպ:
Եւ այսպէս հայերը ենթարկուեցան Ցեղասպանութեան, իրենց դէմ գործադրուած այնպիսի բռնարարքներով, որոնք կը փաստեն, թէ մարդ արարածը կրնայ հրէշի նման վարուիլ: Իսկ ան, որ Արշոյին նման փրկուեցաւ, «կորսնցուց իր ընտանիքը, ամուսինը, քոյրը, եղբայրը, մայրն ու հայրը, եւ վերջապէս աղջիկը՝ Ռիթան»: Հետեւաբար «ինչպէ՞ս կարելի է արդարացնել այսքան անարդարութիւն՝ գործուած մէկուն դէմ, պարզապէս որովհետեւ կը տարբերէր իր անունով ու հաւատքով», եւ «ինչպէ՞ս կարելի է առողջ մտքով ու հոգիով սպաննել անձ մը, որուն միակ յանցանքը, իր կամքէն անկախ պատճառներով, տարբեր ըլլալ էր», եւ «ի՞նչ ըրին անոնք, որպէսզի արժանանան այս ահաւոր պատիժին»:
Ամէն հայ պատմութիւնն է Դատին ու յիշատակը՝ Ցեղասպանութեան, որ խլեց իր հարազատներուն ու բարեկամներուն կեանքերը: Ինչպէս կ՛ըսէ Լորա. «Մարդն է պատմութիւնը, անմար յիշողութիւնն է պատմութիւնը»:
Հետեւաբար ինչպէ՞ս պիտի կարենայ մարդ արարածը հոգեպէս ու մտքով առողջ դուրս գալ այս ողբերգութենէն: Եւ իսկապէս, իմաստ ունի՞, թէ նոր սերունդը, որ յանցաւոր չէ, իր նախահայրերուն գործած արարքներուն համար ներողութիւն կը խնդրէ, կամ՝ ոչ: Արդեօ՞ք ներողութիւնը պիտի ըլլայ հոգեկան ու ֆիզիքական ցաւերուն մակարդակին: Ցաւեր, որոնք չբնաջնջուեցան Ցեղասպանութեան հետ եւ թախիծով ու ցաւով փոխանցուեցան սերունդէ սերունդ:
«Քոլերայի դուստրը» փորձ մըն է լուսարձակի տակ առնելու Դատը, որ Լորային կարծիքով՝ «Հայերը լաւապէս չեն տարածած: Բռնագաղթէն ետք անցած են տարիներ, եւ հայերուն հոգերը կը մնան թաղուած իրենց ու անցեալին մէջ: Այսպէս, բոլոր ցաւերը ունին իրենց ձայնը, բացի հայոց ցաւերէն, որոնց ձայնը կը մնայ խեղդուկ»:
Վէպը կը խօսի յիշատակներուն ընդմէջէն անցեալի իրադարձութիւններուն մասին, մինչ ներկան կը պարզուի ընթերցողին աչքերուն առջեւ: Եւ անցեալով ու ներկայով, ընթերցողը կ՛անդրադառնայ տառապանքներու ահաւորութեան, ինչ որ կը վկայէ հեղինակին յաջողութեան՝ բծախնդրօրէն նկարագրելու իրականութիւնը եւ հրամցնելու ամբողջական գործ մը, բարձրորակ ոճով:
«Նահար»
Ապրիլ 2009
* Յարգարժան ընթերցողները գիտեն, որ հայութեան դէմ ցեղասպանական արշաւ մը շղթայազերծելու որոշումը տրուած է եւ անոր գործադրութիւնը սկսած է Համաշխարհային Ա. պատերազմին Օսմանեան ձախողութիւններէն եւ անոնց «վրէժը լուծել»ու համար «քաւութեան նոխազ»ներ որոնելու հանգրուանէն շատ առաջ։
Յօդուածագիրին, անոր գրախօսականը հրատարակող օրաթերթին եւ գիրքի հեղինակին նկատմամբ արտատպողի մեր բարոյական պարտականութիւնները յարգելով է, որ նոյնութեամբ լոյս կ՛ընծայենք աստղանշեալ պարբերութիւնը։
«ԱԶԴԱԿ»