ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական օրաթերթ մը հաղորդեց, որ թուրք զինուորներու հանգստեան թոշակներու ֆոնտը եղող ՕԵԱՔ դրամատան հետ 14 տարի միաձուլումէ ետք Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ֆրանսական ԱՔՍԱ ապահովագրական ընկերութիւնը ներառեց իր արգիլեալ ընկերութիւններու ցանկին մէջ։
ԱՔՍԱ 1995ին Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած կարգ մը հայերու ժառանգորդներուն հատուցում կատարած էր։
ԱՔՍԱ ՕԵԱՔի հետ միաձուլման վերջ տուաւ 14 Փետրուար 2008ին։
Ըստ որոշումին, ԱՔՍԱ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ մէկ տարուան համար պայմանագիրներ չի կրնար կնքել։ Թրքական «Աքշամ» օրաթերթը կը նշէ, որ արգելքը վերջ կը գտնէ 14 Յունուար 2010ին։
Ըստ տեղեկագիրին, ԱՔՍԱն արգիլելու որոշումը տրուած է, երբ վերջինս չէ յարգած համաձայնութեան մէջ նշուած իր պարտաւորութիւնը։
ԱՔՍԱի պաշտօնատարներ կը յայտնեն, որ հարցը դատարանին մէջ կը քննարկուի եւ այդ պատճառով յայտարարութիւններ չեն կրնար կատարել։