ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ գոյութիւն ունին փայլուն յարաբերութիւններ, որոնք դրուած են ամուր եւ բարձր հիմքերու վրայ, յայտնած է Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերժ Սմեսոֆ, Յուլիս 13ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին:
Ըստ դեսպանին, երկու երկիրներուն միջեւ եղած ամուր կապերը կու գան միջնադարէն: «Հայաստանի եւ Ֆրանսայի լաւ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ ամէն օր կը խօսուի երկու երկիրներու տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Բարձր մակարդակի վրայ գտնուող յարաբերութիւններուն մասին կը վկայեն տարբեր բնագաւառներու մէջ իրականացուող համատեղ ծրագիրները: Երկու բարեկամ երկիրներուն յարաբերութիւնները կը զարգանան ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ տնտեսական մակարդակներու վրայ», ըսած է Ս. Սմեսոֆ:
Դեսպանը նկատած է, որ Ֆրանսայի հայկական համայնքը նոյնպէս մեծ աւանդ ունի երկու երկիրներուն միջեւ լաւ յարաբերութիւններու հաստատման գործին մէջ: «Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ հաստատուած են ամուր յարաբերութիւններ ոչ միայն կառավարական, պետական մակարդակներով, այլեւ ժողովուրդներուն միջեւ կայ այդ կապը», ըսած է դեսպանը: Ան ընդգծած է նաեւ երկու պետութիւններու մարզերուն, համայնքներուն համագործակցութիւնը՝ նշելով, որ անոնք նոյնպէս ամուր հիմքերու վրայ կը գտնուին: Ս. Սմեսոֆ, խօսելով Ֆրանսայի հայ բարեկամներուն մասին՝ նշած է, որ անոնց թիւը շատ մեծ է Հայաստանի մէջ, եւ Յուլիս 14ին, Ֆրանսայի Ազգային տօնին առթիւ, կը նախատեսուի քանի մը ընդունելութիւններ կազմակերպել՝ բոլոր հայ բարեկամները ընդգրկելու համար:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան՝ դեսպանը նշած է, որ բազում անգամներ, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլայ Սարքոզի արատայայտուած է Թուրքիոյ ոչ-անդամակցութեան օգտին: Դեսպանը նշած է, որ անդամակցութեան վերաբերեալ բանակցութիւնները կը շարունակուին եւ յիշեցուցած, որ Ֆրանսան միակ երկիրը չէ, որ կասկածներ ունի Թուրքիոյ անդամակցութեան հետ կապուած:
Ինչ կը վերաբերի ղարաբաղեան հարցի լուծման շուրջ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ նախագահներուն կողմէ կատարուած առաջարկին, դեսպանը նշած է, որ երկիրներու նախագահները կը ցանկան խրախուսել Հայաստանն ու Ատրպէյճանը շարունակելու խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացը, որ հիմնուած պիտի ըլլայ փոխզիջումներու վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.