ԵՐԵՒԱՆ.- Անցեալ Շաբաթ օր, Երեւան այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Ճէյմս Սթայնպըրկ եւ հանդիպեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ու արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:
Այս հանդիպումներուն ընթացքին Սթայնպըրկի կ՛ընկերակցէին ԱՄՆ ԱԳ նախարարի տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն ու Հայաստանի մօտ ԱՄՆի դեսպան Մէրի Եովանովիչ:
Հանդիպումներուն ընթացքին խօսուած է հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մասին, որոնք, նախագահ Սերժ Սարգսեանի բնութագրումով, «կարեւոր» են Հայաստանի համար:
Քննարկելով հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարը՝ կողմերը ընդգծած են տարբեր ոլորտներէ ներս փոխգործակցութիւնը առաջ մղելու ցանկութիւն ու պատրաստակամութիւն:
Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է Միացեալ Նահանգներու իւրայատուկ վերաբերմունքը ամերիկահայ համայնքին նկատմամբ: Երկուստէք նշուած է, թէ ամերիկահայերը երկու երկիրները կամրջող ամուր օղակ մըն են:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանի անվտանգութեան խնդիրներուն, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին մասին:
Հանդիպումներէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, խօսելով հայ-ատրպեճանական յարաբերութիւններուն մասին՝ Ստայնպըրկ յայտնած է, որ, Միացեալ Նահանգները լրջօրէն կը խրախուսեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կառուցողական լուծումներ գտնելու ջանքերը: Անոր խօսքով, այսօր ձեռնարկուող այդ «խիզախ քայլերը» կրնան նոր էջ բանալ պատմութեան մէջ: Ան ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ կը տեսնէ առաջընթաց մը, որ «անշրջելի է»:
Սթայնպըրկ նշած է, որ ինք լուրջ յոյսեր կը կապէ մոսկովեան յառաջիկայ հանդիպումներուն հետ: Ան ողջունելի համարած է Հայաստանի կողմէ Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման, տնտեսական եւ քաղաքական կուռ կապերու ստեղծման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման պատրաստակամութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը, ըստ Սթայնպըրկի, պէտք է ըլլայ անկախ (հայ-թրքական յարաբերութիւններու բանակցութեանց ընթացքէն) եւ ինքնուրոյն, որուն, իր աջակցութիւնը կը բերէ նաեւ Միացեալ Նահանգները:
Նշենք, որ Սթայնպըրկ մէկ օր առաջ Պաքուի մէջ հանդիպած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: