ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Ազատութիւն» կայանի թղթակիցին յայտնած է, որ եթէ նորացուած մատրիտեան սկզբունքներու հիման վրայ ձեւաւորուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ամբողջական փաստաթուղթը եւ այդ սկզբունքները սկսին կիրառուիլ, ապա նոր պատերազմի դուռ է որ կը բացուի, այլ ոչ թէ կայուն խաղաղութեան:
Այդուհանդերձ, ըստ Մանոյեանի, իշխանափոխութիւն պահանջելու «պահը չէ»: «Հայաստանը իր կեցուածքի փոփոխութեամբ կրնայ այս վտանգաւոր զարգացումները կանխել՝ ընդգրկել Լեռնային Ղարաբաղը բանակցային ձեւաչափի մէջ ու հասնիլ աւելի արդար եւ ընդունելի վերջնական համաձայնութեան», յայտնած է Մանոյեան: