«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ վերջին շրջանի զարգացումներու՝ Մինսկի խումբի երեք համանախագահ երկիրներու նախագահներու յայտարարութեան եւ մատրիտեան սկզբունքներու հրապարակման առիթով, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը՝ իր ներկայացուցիչներու ճամբով, հանդէս եկած է իր դիրքորոշումները յստակացնող յայտարարութիւններով:
Այստեղ կը ներկայացնենք ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ երէկ հրապարակուած յայտարարութեան բնագիրը, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթըն Տի.Սի.ի մէջ Ղարաբաղի ներկայացուցչութեան գրասենեակի պետ (դեսպան) Ռոպերթ Աւետիսեանի՝ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած գրաւոր մեկնաբանութիւնը:
ԼՂՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը կ՛ըսէ.
«ԼՂՀ դիրքորոշումը ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ մնում է անփոփոխ: Անհնար է հասնել հակամարտութեան կարգաւորմանը՝ անտեսելով առկայ իրողութիւնները: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնն անցեալ վերադարձնելու ցանկացած փորձ ոչ միայն անարդիւնաւէտ է, այլեւ յղի է հակամարտութեան նոր սրացումով: Բանակցութիւններում իրական առաջընթացի հնարաւոր է հասնել միայն բանակցային գործընթացի բոլոր փուլերին ղարաբաղեան կողմի լիարժէք մասնակցութեամբ: Ցանկացած համաձայնութիւն, որը շօշափում է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան շահերը, ճակատագիրը եւ ապագան, չի կարող ընդունուել առանց այդ երկրի ժողովրդի եւ նրա ճակատագրի համար անմիջական պատասխանատուութիւն կրող ղեկավարութեան մասնակցութեան: Յոյս ունենք, որ խաղաղ կարգաւորման մէջ շահագրգիռ դերակատարները թոյլ չեն տայ տարածաշրջանի «ստատուս քուօ»ի խախտումը՝ որպէս հետեւանք կարգաւորման ներկայիս բանաձեւի հիման վրայ բանակցային գործընթացի արագացման: Ելնելով վերոնշեալից՝ գտնում ենք, որ անհրաժեշտ է խեղաթիւրուած աղաւաղուած բանակցային գործընթացի վերաբեռնաւորում, որպէս բանակցային գործընթացի լիիրաւ կողմ, ԼՂՀ վերադարձ բանակցութիւնների սեղանի շուրջ եւ կարգաւորման հիմնարար սկզբունքների փոխակերպում»:
ԱՄՆի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ Արցախի դիրքորոշումները կը փոխանցէ հետեւեալ գրութեամբ.
«Հակամարտութեան կարգաւորման հարցում ցանկացած առաջընթաց անհնար է, քանի դեռ Ղարաբաղի ներկայացուցիչները չեն վերադարձել բանակցային սեղանի շուրջ եւ իրենց համաձայնութիւնը տուել՝ ակնկալուող խաղաղ համաձայնութեան հաստատման հարցում:
Ղարաբաղեան կողմը գնահատում է Հայաստանի դերը խաղաղ գործընթացում, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի ընտրեալ ղեկավարութիւնը պէտք է ներկայ գտնուի Ղարաբաղի հարցով ընթացող խաղաղ բանակցութիւնների գործընթացի ցանկացած քայլին, քանի որ, Լեռնային Ղարաբաղը քաղաքականապէս անկախ պետութիւն է՝ իր ուրոյն ժողովրդավարական աւանդոյթներով:
…Դեռ մէկ կամ երկու ամիս առաջ շատ քաղաքական վերլուծաբանների թւում էր, թէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը աւելի քան երբեւէ մօտ է իր հանգուցալուծմանը, սակայն սպասուած այդ «ճեղքում»ը այդպէս էլ նիւթական չդարձաւ: Այս փաստը զարմանալի չէ. խաղաղ գործընթացի երբեմնի ակտիւ մասնակիցը, հակամարտութեան հիմնական կողմը՝ Լեռնային Ղարաբաղը, որն այս տարի նշեց իր «դէ-ֆակտօ» անկախութեան 18րդ տարեդարձը, սակայն որի միջազգային կարգավիճակը իրաւական ձեւակերպում չի ստացել, բացակայում է այսօր ընթացող բանակցութիւններից:
…Հակամարտութեան լուծում. Ադրբեջանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական զարգացումները հիմնովին տարբեր են: Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական համակարգը, որը հիմնուած է ազատ եւ արդար ընտրութիւնների արդիւնքում ձեւաւորուող իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ յետընտրական համաձայնեցուած համակեցութեան աւանդոյթի վրայ, բացարձակապէս անհամատեղելի է Ադրբեջանում առկայ քաղաքական համակարգի հետ: Սա միայն մէկն է այն բազմաթիւ պատճառներից, թէ ինչո՛ւ երկու երկրների՝ համատեղ պետութան տանիքի տակ գոյատեւելու գաղափարն ու բոլոր փորձերը դատապարտուած են ձախողման:
…3 պետութիւնների՝ Հայաստանի, Ադրբեջանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հասարակութիւնները պէտք է ընթացող բանակցութիւններին զուգընթաց սկսեն պատրաստուել հաշտեցմանը: Բանակցային գործընթացը պէտք է փոխլրացուի բոլոր կողմերի պարտաւորութեամբ՝ փովստահութեան կառուցմանն ուղղուած ջանքերով: Ռազմատենչ յայտարարութիւնները այդ ճանապարհին, ըստ Ռոբերտ Աւետիսեանի, պէտք է բացառուեն: Միայն ժողովրդական դիւանագիտութեան տարրերի ներգրաւմամբ պաշտօնական շփումների հիման վրայ ձեռք բերուած անկեղծ հաշտեցումն է, որ կարող է յանգեցնել կայուն խաղաղութեան:
Միջազգային հանրութիւնը, իր հերթին, պէտք է աջակցի այս մօտեցմանը, որպէսզի յաջողուի ձեռք բերուել այդ առաջընթացը: Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը շատ խրթին է, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը շարունակում է լաւատես մնալ:
Մենք հաւատում ենք, որ վերադարձը խաղաղ բանակցութիւնների նախնական ձեւաչափին՝ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջական մասնակցութեամբ, կը վերականգնի հաւասարակշռութեան պակասը, եւ Ադրբեջանի համար գործուն ազդակ կը հանդիսանայ՝ կառուցողական դիրքորոշում որդեգրելու առումով: Սա նաեւ վստահելի ապացոյց կը հանդիսանայ առ այն, որ Ադրբեջանը պատրաստակամ է խաղաղ գոյակցել Լեռնային Ղարաբաղի հետ, անկախ ընթացող բանակցութիւնների արդիւնքներից»: