ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Յուլիս 15ին աշխատանքային այցելութիւններ տուած է Լոռի մարզի Սպիտակ, Շիրակամուտ եւ Շիրակ մարզի Գիւմրի համայնքները, ուր ծանօթացած է 1988ի երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան մնացած ընտանիքներուն համար բնակարաններու կառուցման աշխատանքներուն ընթացքին: Նախագահին կ՛ընկերակցէին պաշտօնատար այլ անձինք։
Առաջին այցելութիւնը կատարուած է Սպիտակի մէջ կառուցուող «Նոր քաղաք» թաղամաս, ուր «Կլէնտէյլ հիլզ» ընկերութիւնը սկսած է 354 անհատական բնակելի տուներու շինարարութեան գործին՝ անօթեւաններու համար:
Ս. Սարգսեան Սպիտակի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ ծաղիկներ զետեղած է արցախեան ազատամարտի եւ 1915ի Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին, ապա ներկայ գտնուած է քաղաքի օրուան տօնակատարութեան, որ կը կրէր «Սպիտակը բարեկամութեան քաղաք» խորագիրը։
Այնուհետեւ նախագահը այցելած է երկրաշարժի կեդրոններէն Շիրակամուտ գիւղը, համայնքային կեդրոնի կառուցման շինարարական աշխատանքներուն ծանօթանալու համար:
Ապա նախագահը այցելած է Գիւմրիի «Մուշ 2» եւ «Անի» թաղամասերը, ուր վերոյիշեալ ընկերութեան կողմէ կը կառուցուին 3030 բնակարաններ։
Այցելութեան ընթացքին, Հայաստանի գլխաւոր ճարտարապետ, քաղաքաշինութեան փոխնախարար Նարեկ Սարգսեան նշած է, որ Գիւմրիի այս երկու թաղամասերուն կառուցումով, պիտի փորձուի ամբողջովին լուծել անօթեւանութեան խնդիրը:
Նշենք, որ աղէտի գօտիին վրայ տակաւին կայ 7 հազար անօթեւան ընտանիք: Շինարարական բոլոր հրապարակներուն վրայ, Նարեկ Սարգսեան, «Կլէնտէյլ հիլզ» ընկերութեան նախագահ Էդուարդ Մելիքեան եւ Բաժնետէրերու խորհուրդի նախագահ Վահէ Եագուպեան, նախագահին կը ներկայացնէին կառուցապատման նախագիծերով կատարուելիք աշխատանքները։