ՊԷՅԺԻՆԿ, «Ռոյթըրզ».- Չինական մամուլը, որ ընդհանրապէս չինական իշխանութեանց պաշտօնական տեսակէտները կ՛արտայայտէ, խիստ կերպով հակազդեց երկրին հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած խռովարարութեանց հարցով Թուրքիոյ հակազդեցութեան եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի այն ամբաստանութեան, թէ չինական իշխանութեանց քայլերը «ցեղասպանութեան մէկ տեսակն են»։
Չինաստանի ամէնէն կարեւոր օրաթերթերէն մէկը հանդիսացող «Փիփըլզ տէյլի» կը գրէ, թէ «Ժողովուրդը զայրացած է Թուրքիոյ վարչապետի «ցեղասպանութիւն» ամբաստանութենէն»։
Օրաթերթը 14 Յուլիսին հրապարակուած «Չինացի քաղաքացիներ կոչ կ՛ուղղեն Թուրքիան պատժելու» խորագիրով խմբագրականի մը մէջ կը յայտնէ, թէ «Թուրքիա ատեն մը Արեւմուտքին կողմէ Հայաստանի մէջ ցեղասպանութիւն գործելով ամբաստանուած էր, եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ իր ճնշումը եւս բազմաթիւ վէճեր ստեղծած է։ Բայց եւ այնպէս, թուրք ծայրայեղ ազգայնականները ներկայիս «փանթուրանական» երազի մը ներքոյ մոռցած են իրենց իսկ սպիները եւ անգութ յարձակումներ շղթայազերծած են Չինաստանի դէմ, որ երբեք Թուրքիան չէ վիրաւորած»։
Օրաթերթը կը նշէ նաեւ. «Չինացի քաղաքացիները Թուրքիոյ քայլերէն վարկաբեկուած կը զգան եւ կ՛առաջարկեն, որ Չինաստանը փոխէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հանդէպ իր կեցուածքը եւ զօրակցի անկախութեան ուղղուած անոր ձգտումին, որպէսզի Թուրքիա քաղաքական սուղ գին մը վճարէ»։
«Կլոպըլ թայզ»ի մէջ «Թուրքիա՝ չարիքի մէկ այլ առա՞նցք մը» խորագիրով իր յօդուածին մէջ, Մօ Լինկճիաօ կը գրէ. «Խռովարարութիւններէն ետք աշխարհի տարածքին բազմաթիւ կառավարութիւններ, ներառեալ ամերիկեան կառավարութիւնը, իրենց մեկնաբանութիւններուն մէջ շատ զգոյշ գտնուեցան։ Սակայն թրքական կառավարութիւնը բացառութիւն մըն է։ Մինչ Ուրումչի վերականգման ընթացքի մէջ կը գտնուի, այս ամբարտաւան երկիրը երբեք չդադրեցաւ Չինաստանը քննադատելէ»։
Ան նաեւ կը նշէ, որ «Երբ Նոյեմբեր 2003ին ահաբեկչական ականահարումներ հարուածեցին Թուրքիա, Չինաստան ամուր կեցուածքով մը թուրք ժողովուրդին կողքին կանգնեցաւ ու դատապարտեց բռնարարքը։ Բայց եւ այնպէս, երբ խռովարարութիւններ տեղի ունեցան 5 Յուլիսին, Ուրումչիի մէջ՝ զոհեր եւ կալուածի վնասներ պատճառելով, Թուրքիա խուլիկաններու կողքին կանգնեցաւ, ամբողջ աշխարհին պարզելով իր ամօթը եւ Չինաստանին չարիքով փոխհատուցելով»։
Յօդուածագիրը կը յայտնէ, որ «Ույղուր անջատողականներուն եւ ահաբեկիչներուն ուղղուած Թուրքիոյ զօրակցութիւնը կրնայ Չինաստանի մէջ միայն հասարակական զայրոյթ պատճառել։ Եթէ Թուրքիա երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնը քանդել չի փափաքիր, ապա թող հաճի աւազակախումբերուն եւ անջատողականներուն նեցուկ չկանգնիլ»:
«Դադրեցէք չարիքի առանցք մը ըլլալէ» ըսելով՝ թուրքերուն կոչ կ՛ուղղէ յօդուածագիրը։