ՊԱՔՈՒ.- Ռուսիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան եւ Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Վոլքան Վուրալ, Ատրպէյճանի «Էյ.Փի.Այ.» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Ատրպէյճան երկիր մըն է, որուն հետ ամուր կապեր եւ բարեկամութիւն ունինք։ Ուստի անոր հետ որեւէ անհասկացողութիւն պիտի լուծուի։ Մենք Ատրպէյճանի շահերուն դէմ որեւէ բան երբեք չենք ըներ»։
Լեռնային Ղարաբաղի հարցով, ան ըսած է. «Անշուշտ, որ Թուրքիա կ՛ուզէ հարցին լուծումը։ Հրապարակաւ յայտարարած ենք, թէ առանց այդ հարցին մէջ յառաջդիմութեան, Հայաստանի հետ սահմանները չենք կրնար բանալ։ Բոլորս Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը կ՛ուզենք։ Սակայն, նախքան այդ, հայերը պէտք է բռնագրաւուած հողամասերէն հեռանան։ Ատիկա սկզբնակէտը պէտք է ըլլայ։ Եթէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացուին, ատիկա Ատրպէյճանի շահերուն ալ պիտի համապատասխանէ։ Ուստի կը յուսանք, որ այս առումով յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրուի»։
Վերջերս Ատրպէյճան-Թուրքիա յարաբերութեանց մէջ ի յայտ եկած լարուածութեան գծով, ան նշած է, որ հարցին սխալ ղեկավարում եւ սխալ հասկացողութիւն գոյութիւն ունի։
«Կը կարծեմ, որ Թուրքիա Ատրպէյճանը շարունակ տեղեակ պահեց Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւններէն։ Սակայն դեռ սխալ հասկացողութիւն տեղի ունեցաւ։ Ներկայիս ատիկա լուծուած է։ Մենք միասնաբար կը գործենք եւ Կովկասի մէջ խաղաղութեամբ եւ կայունութեամբ հետաքրքրուած ենք։ Հայաստան եւս պէտք է ներառուի Կովկասի կայունութեան եւ խաղաղութեան համակարգին մէջ։ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ որեւէ յառաջդիմութիւն պիտի ողջունենք», ըսած է Վուրալ։