Այսօրուան (Մայիս 27, 2009) «Հիւրրիյէթ»ի առաջին էջի ճակատին, իբրեւ գլխաւոր լուր տեղ տրուած է Պէքիր Ճօշքունի յայտարարութեան՝ «Մեծ մօրս բուն անունը» խորագիրով, իսկ ներքին էջին մէջ հրատարակուած է նշեալ յօդուածագիրին գրութեան շարունակութիւնը՝ «Ականատեսն եմ» խորագիրով:
Ստորեւ կը հրատարակենք այդ սրտայոյզ գրութիւնը։
«Կափ-կանանչ աչքեր ունէր ան։
Ես՝ որբս, առաջին պատմութիւնը անկէ լսած էի։ Դժուարաւ ճաշ կը կերցնէր ինծի եւ իր ձեռքերով շինուած, չթրծուած աղիւսէ բաղնիքին մէջ կը լուար զիս եւ գիշերները կ՛ելլէր եւ վրաս կը ծածկէր։
Ես զայն շատ սիրած էի։
Երբ մեծցայ, տեղեկացայ, որ ան իմ հարազատ մեծ մայրս չէր։ Ան հայու աղջիկ մըն էր, որուն ընտանիքին բոլոր անդամները սպաննուած էին եւ ան Կիւմիւշհանէի կողմէ իր կեանքը փրկելով՝ եկած, հասած էր հօրս քով եւ եղած էր անոր երկրորդ կինը։
Այն թախիծն ու ցաւը, որ առկայ էր միշտ իր աչքերուն մէջ, երբե՛ք չանհետացաւ…։
Անունը փոխած էին եւ կոչած էին զայն «Իւմմիւհան»։
Տարբերութիւն չէր ըներ։ Ան իմ մեծ մայրս էր։
***
Տարիներ անցան։ Ճանչցայ մարդ մը, որուն ձեռքերուն երեք մատները հաշմուած էին։
Շատ վայելուչ, մաս-մաքուր հագ ու կապով, այլեւս ջութակ նուագելու անկարող, փայտեայ փորագրութիւններ ընելու սիրահար, նախկին ճարտարապետ մըն էր ան։ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն ընթացքին գրաւած էին անոր գրասենեակը, վնաս պատճառած էին անոր ձեռքի մատներուն։ Ան հետագային Անգարա եկած էր, եւ սկսած էր աշխատելու դեսպանատան մէջ։
Կ՛ուզէր արտասահման մեկնիլ, բայց անճար մնացած էր։ Որովհետեւ իր երկու աղջիկները երկու թուրքերու սիրահարած էին։ Չէր կրնար հոս ձգել զանոնք։
Երբ ան իր աղճատուած թրքերէնով կը խօսէր ինծի հետ, կը զգայի որ ան երբեմն վախ կը զգար եւ մտահոգութիւն կ՛ունենար։
Կտակած էր, որ մեռնելու պարագային, զինք թաղեն Իսթանպուլի մէջ։ Կատարուեցաւ իր կտակը։
Ես ներկայիս անոր աղջիկներէն մէկուն հետ ամուսնացած եմ։
***
Առջեւս դրուած լրագիրին մէջ վարչապետին հետեւեալ խօսքերը կը կարդամ. «…Անոնք, որոնք ցեղային տարբեր ինքնութիւն ունէին, մեր երկրէն վտարուեցան։ Ասիկա իրականութեան մէջ ֆաշական մերձեցումի մը արդիւնք էր»։
Եթէ նոյնիսկ ինծի «Քաշէ՛, գնա՛» ըսող մարդը սխալ մարդ ալ եղած ըլլար, իր խօսքերը ճիշդ են։
Ինչպէ՞ս պիտի ուրանաք։
Տակաւին նոր-նոր, տարբեր կրօնքի պատկանող մարդոց կոկորդը կտրող…։ Մնաց թէ՝ ո՞վ են այն անձերը, որոնք նոյնիսկ իրենց մտաւորականներուն չհանդուրժելով՝ պանդոկի սենեակներուն մէջ լեցուցին եւ հրկիզեցին զանոնք։
Ամէն կողմ չկա՞ն արդեօք վտարումի գաղտնի փաստերը։ Հոս հին հայկական տուն մը, հոն յունական պնակ մը, անդին ասորիի վզնոց մը, ճաշ մը, երգ մը, հին նկարներու մէջ մեր դրացիները…։
Ո՞ւր են այդ մարդիկը։
Կամ՝ մեր մեծ մայրերը, որոնց անունները անծանօթ են մեզի…:
Մեր ամէն մէկուն ճակատին վրայ չկա՞յ արդեօք «Մեղք» մը, զոր պարտաւոր ենք ընդունիլ։
Ես տեսայ այդ մեղքը…»։
«Մարմարա»