Դարձեալ սուգի մէջ է ողջ հայութիւնը։ Թեհրանէն Երեւան թռիչք կատարող »Կասպեան Երթուղիներ«ու օդանաւին Յուլիս 15ի վթարային անկումն ու խորտակումը խորապէս ցնցեցին ոչ միայն Իրանն ու իրանցիները, այլեւ Հայաստանն ու աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը։
Անգամ մը եւս հայ մարդը գամուեցաւ հեռատեսիլի եւ համակարգիչներու ելեկտրոնային պաստառներուն՝ ջարդուփշուր եղած իրանեան օդանաւի աւելի քան 160 զոհերուն ինքնութիւնը ստուգելու, անծանօթներու կորուստին վշտակցելու եւ արիւնակիցներու, այլեւ հարազատներու դժբախտութիւնը սգալու անձկութեամբ։
Մեր սուգը նաեւ մասնաւորուեցաւ՝ ի լուր զոհերու շարքին գտնուող տոքթ. Լեւոն Դաւթեանի մահուան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամն ու Իրանեան խորհրդարանի մէջ հայութիւնը արժանաւորապէս ներկայացուցած նախկին պատգամաւորը ոչ եւս է։
Այսօր պաշտօնական սուգի մէջ է Հայաստանը։ Իսկ աշխարհով մէկ ցրուած հայութիւնը, առօրեայ իր աշխատանքը շարունակելով հանդերձ, իր սրտին խորը լուռ, այլեւ մեծ ցաւ ունի եւ արցունք՝ վշտակոծ աչքերուն։
Գիտենք, վարժուած ենք արդէն, որ համբերատարութեամբ պիտի տոկանք նաեւ այս հարուածին։
Բայց դժբախտ պատահարին զոհերը պիտի չմոռցուին եւ միշտ պիտի ճմլեն մեր սիրտերը՝ հայու ազգային յիշողութեան պաստառներուն միշտ պարզելով բնութեան չարիքներուն ալ մեր արիւնէն ծանր տուրք տալու մռայլ, այլ դաժան ճակատագիրը։
Դարձեալ սուգը պատած է Աշխարհն Հայոց։
Բառերը ուժը չունին ամոքելու մեր վիշտը։
«Ազատ Օր», Յուլիս 16, 2009