ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ Դատի յանձնախումբին Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Յուլիս 16ին յստակացած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նորագոյն անդամը ընտրուած է դեմոկրատ Ճուտի Չուն, որ հանդիսացած է Քոնկրէսի անդամ ընտրուած առաջին չինացի-ամերիկացին:
Նախապէս Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ եղած Չու պիտի փոխարինէ Հիլտա Սոլիսը, որ նախագահ Պարաք Օպամային կողմէ նշանակուած է աշխատաւորական հարցերու նախարար:
Քալիֆորնիոյ 32րդ ընտրատարածքէն Քոնկրէսի նորագոյն անդամը որոշելու նպատակով կազմակերպուած արտակարգ ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Յուլիս 15ին:
Հայ Դատի Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Մարթին ողջունեց Չուի յաղթանակը եւ յայտնեց, թէ ան Քոնկրէսին մէջ լաւապէս պիտի ներկայացնէ ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերը, յատկապէս՝ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան առնչուող: Ան աւելցուց, թէ անոր ներդրումը կարեւոր է յատկապէս այս օրերուն, երբ Թուրքիա կը շարունակէ միլիոնաւոր տոլարներ ծախսել մեկուսացնելու համար Հայաստանը եւ ուրանալու համար Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Ընտրութեանց նախօրեակին, Մոնթէրէյ Փարքի մէջ կազմակերպուած դրամահաւաքի ձեռնարկի մը մասնակցած էին յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մէջ կային յանձնախումբի անդամներէն Մայքըլ Մահտէսեան, Վաչէ Տէրտէրեան եւ Ռաֆֆի Համբարեան:
Քալիֆորնիոյ 32րդ ընտրատարածքին սահմաններէն ներս կ՛իյնան Արեւելեան Լոս Անճելըսը, Էլ Մոնթէն, Տուարթէն, Մոնթէրէյ Փարքը եւ Ուէսթ Քովինան: Հայկական յատկանշական ներկայութիւն կայ այս քաղաքներէն յատկապէս Տուարթէի մէջ: