ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Անցեալ Կիրակի օր, հակառակ կէսօրուան կիզիչ արեւին, աւելի քան երկու հարիւր կլէնտէլաբնակ հայորդիներ ներկայ եղան Երիտասարդական նոր՝ Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Օրուան հանդիսավար Մանուկ Սէրայտարեանը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու բացման արարողութեան ազդանշանը տուաւ: Աղ ու հացով, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութեամբ սկսաւ կեդրոնի բացման հանդիսութիւնը:
Կեդրոնի դուռը փակող ժապաւէնը կտրեցին առաջնորդ սրբազանն ու Կլէնտէյլի քաղաքապետ Քուինթերոն: Նշենք, որ Կլէնտէյլի քաղաքապետարանը կէս միլիոն տոլարով մասնակից եղած է կեդրոնի կառուցման գործին, որուն համար համայնքի ղեկավարներէն Վահէ Պօզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ Քունթերոյի եւ թէ՛ ձեռնարկին ներկայ Կլէնտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի հայազգի անդամ Արա Նաճարեանին:
Նաճարեան ինք եւս խօսք առնելով՝ վստահութիւն յատնեց, թէ կեդրոնը պիտի ծառայէ շրջանի երիտասարդութեան օգտակար ու հետաքրքրական ծրագիրներ տրամադրելու համար:
Երիտասարդութեան կողմէ խօսք առին Փաթիլ Մալաթեան եւ Քրիս Քիլէնճեան, որոնք յայտնեցին իրենց երախտագիտութիւնը նոր կեդրոնի կառուցման ուղղութեամբ, կեդրոն մը որ մեծ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ իրենց ծրագիրները աւելի արդիւնաւէտ կերպով յառաջ տանելու համար:
«Իսահակ եւ Ժանէթ Գազանճեան»ներու անունով կոչուած սրահին բացումը եւս կատարուեցաւ, ապա հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ շէնքէն ներս՝ սրահին մէջ:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ Վահէ Պօզոյեանի խօսքով: Ան գնահատեց շէնքի կառուցման մէջ ներդրում ունեցող անձերն ու կազմակերպութիւնները, որոնց շարքին շինարարութեան կապալառուն, շինարարական յանձնախումբը եւ բարերարները: Յատուկ գնահատանքի արժանացաւ կեդրոնի գլխաւոր նուիրատուն՝ տոքթ. Ալպեր Գարամանուկեանը:
Խօսք առնելով՝ տոքթ. Գարամանուկեան անդրադարձաւ իր ծնողներու փայփայած ազգային արժէքներուն հանդէպ սիրոյ ու գուրգուրանքին, զորս կը նկատէ անոնցմէ իր ստացած ժառանգութենէն ամէնէն թանկագինը:
Որդիական իր պարտականութիւնը նկատելով յաւերժացնել նման արժէքներով ապրած իր ծնողքին անունը՝ տոքթ. Գարամանուկեան խոստացաւ շարունակել նեցուկ կանգնիլ կեդրոնին ու անոր յարկին տակ իրականացող ծրագիրներուն: Այս պատրաստակամութիւնը արժանացաւ ներկաներու ողջոյնին:
Գնահատանքի եւ յատուկ շնորհակալական յուշագիրի արժանացան Իսահակ եւ Ժանէթ Գազանճեանները, որոնց զաւակները հրաշալի գաղափարը յղացած էին իրենց ծնողներուն անունը փառաւորելու՝ անոնց կենդանութեան օրօք, ստանձնելով նոր կեդրոնի սրահին բարերարութիւնը:
Խօսք առաւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանը, որ շնորհաւորեց ներկաները այս բարեբաստիկ առիթին համար եւ նահանգային խորհուրդին կողմէ գնահատանքի ու շնորհաւորանքի յուշագիր մը յանձնեց կեդրոնի պատասխանատուներուն:
Շնորհաւորական խօսքով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, որ գնահատեց երազը իրականութիւն դարձնելու գործին մասնակցութիւն բերողներուն նուիրաբերումը:
Յանուն ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին, խօսք առաւ Յովան Թաշճեան, որ նոր կեդրոնը նկատեց «լաւագոյն վկայութիւնն ու անհերքելի հաստատումը հաւաքական աշխատանքի յաջողութեան»:
Շեշտելէ ետք, թէ «Այս կեդրոնը ժողովուրդին տունն է», Թաշճեան, մէջբերելով Մուշեղ Իշխանի խօսքը՝ վերահաստատեց, թէ «Դաշնակցութեան ակումբը հայութեան ամէնէն նուիրական սրբատեղիներէն մէկն է։ Որքան պատանիներ եկած ու անցած են անոր յարկին տակէն՝ վսեմ ապրումներու յիշատակ մը, հանրային նուիրումի ըմբռնում մը, բարձրագոյն իտէալներու ձգտում մը տանելով իրենց հետ։ Որքան հայրենակիցներ՝ հաւաքուած Հայաստանի եւ շրջաններու զանազան անկիւններէն, եղբայրացած են հոն իրարու հետ, նոյն գաղափարի եւ զգացումի սրբազան հուրով։ Դաշնակցութեան ակումբը, ո՛ւր ալ գտնուի, որքա՛ն ալ անշուք ըլլայ, հաւատքի բերդ մըն է, հայրենի հարազատ տուն մը, ուր մտնողները կը շրջապատուին մեր պատմութեան փառքը կերտող հերոսներու ոգիներով»։
Այսօր ամերիկահայութեան բաբախուն սրտին մէջ՝ Կլէնտէյլի մէջ այս նոր կեդրոնին բացումով, «Մենք Սփիւռքի եւ ի մասնաւորի ամերիկահայութեան գոյութիւնը երաշխաւորող նոր ամրոցի մը պարիսպները կը դարբնենք», ըսաւ բանախօսը:
«Սիրելիներ, այս շէնքը կը մնայ սոսկ շէնք ու նիւթեղէն իր արժէքին մէջ կ՛իմաստազրկուի, եթէ անոր որմերէն ներս չարձագանգէ նոր սերունդին կենսալից ճռուողիւնը, եթէ անոր երդիքին տակ չկարողանանք կենդանացնել հայու ստեղծագործ շունչը, կեանքով ու աշխատանքով չկարողանանք լեցնել անոր սրահներն ու սենեակները։ Շէնքի կառուցումէն ետք, այժմ կը սկսի աւելի դժուար գործը՝ անոր իմաստ եւ գոյութեան իրաւունք տալու աշխատանքը», եզրափակեց ՀՅԴի պատգամաբերը:
Յայտագրի աւարտէն ետք, հանդիսութեան մասնակիցները այցելեցին շէնքի իւրաքանչիւր յարկի սենեակները: Բարերարներու մասնակցութեամբ կտրուեցան սենեակներու դռներուն դրուած ժապաւէնները:
Բարերարներու ցանկը առանձին ազդաթերթով բաժնուած էր ներկաներուն:
Նոր կեդրոնի բարերարներն են՝ Ալպերթ եւ Թենի Պէզճեաններ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւն, ՀՕՄի «Սիփան» մանսաճիւղ, «Ֆորէսթ Լոն» հաստատութիւն, Հայկուշ Գեղինեան-Քօհլըր, Ռոպերթ Մեհրապեան, Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան, Ազնիւ Սապունճեան, Օհաննէս եւ Սիրվարդ Առաքելեան, Նուպար եւ Տիգրանուհի Մխսիգէորգեան, Նոր æուղայի բարեկամներ, Ժոզէֆ Հրեշտակեան եւ Էլիզապէթ Գարամանուկեան:
Հանդիսութեան ընթացքին, ուրախութեամբ իմացանք, որ բարերարներու այս յոյլին միացած է նաեւ ՀՕՄի անդամներէն Տիգրանուհի Ռուհինեան, որ այս հանգրուանին քսանհինգ հազար տոլար կը նուիրէ կեդրոնին՝ ստանձնելով ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի հովանաւորութիւնը: ՀՕՄի գրասենակը պիտի կոչուի իր թոռներուն՝ Սեւակ եւ Շանթ Ռուհինեաններու անունով:
Նշենք, որ անցեալ Ուրբաթ օր, Հայ կեդրոնի բացման առիթով տեղի ունեցած էր հաւաքոյթ-խրախճանք մը, որուն ընթացքին հանգանակուած էր աւելի քան քառասուն հազար տոլար: