ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Կիրակի, 5 Յուլիս 2007ի կէս գիշերին, վերջ գտան ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 34րդ Մարզախաղերը եւ այդ ուրախ առիթով կազմակերպուած բոլոր ձեռնարկները: Հազարաւոր հայորդիներ մասնակցեցան նաւասարդեան խրախճանքին եւ ՀՄԸՄով գինովցած մեկնեցան տուն, անոր արձանագրած մեծագոյն յաջողութեան մասնակցած ըլլալու հպարտութեամբ:
Անկասկած, մարզական մրցումները Նաւասարդեան 34րդ Մարզախաղերուն եւս գլխաւոր առանցքը հանդիսացան, որոնց յաջող ծրագրումը Շրջանային Մարզական խորհուրդի տքնաջան աշխատանքներուն արդիւնքն էին, որուն կազմը հետեւեալ քոյր-եղբայրներէ կը բաղկանայ.
* Քոյր Նայիրի Տէրտէրեան – ատենապետուհի
* Քոյր Կասիա Մահսէրէճեան
* Եղբ. Կարէն Մարտիրոսեան
* Եղբ. Խաժակ Քէշիշեան
* Քոյր Ռուբինա Քապիրեան
* Եղբ. Սարգիս Գատէհճեան
* Եղբ. Քուինթ Քէմնէթ
* Եղբ. Ֆրէդ Պապաջանեան
* Եղբ. Ռուբիկ Ատոյեան
* Քոյր Նօրա Ունճեան
* Քոյր Քահվէճեան
Յանձնախումբի մօտ Շրջ. Վարչութեան կապն է եղբ. Ժանօ Գահվէճեան: Իսկ գործավարը՝ եղբ. Սեւակ Կարապետեան:
Խորհուրդի երիտասարդ անդամ-անդամուհիները ամիսներ տրամադրեցին եւ բծախնդրութեամբ կազմակերպեցին եզակի այս մրցումները, որոնք կÿընդգրկէին պասքէթպոլի, ֆութպոլի, վոլիպոլի, թեթեւ աթլէթի, փինկ փոնկի, լողի, թեթեւ աթլէթի, թենիսի եւ ճատրակի մարզաճիւղերը: Ամենալայն ժամանակը տրամադրուեցաւ պասքէթպոլին, որուն մասնակցեցան 239 երկսեռ խումբեր, բոլոր դասակարգերէն: Պըրմինկհամ Հայ Սքուլի մարզադաշտերը բաւարար չհանդիսացան այս մարզաճիւղի մրցումներուն եւ Շրջ. Մարզական խորհուրդը պարտաւորուած զանազան մարզադաշտեր վարձեց: Նոյնիսկ, Նաւասարդեանի փակման հանդիսութենէն ետք, պասքէթպոլի Ա. դասակարգի աղջկանց եւ մանչերու ախոյեանութեանց մրցումները շարունակուեցան Պըրմինկհամ Հայ Սքուլի գլխաւոր մարզադաշտին վրայ, որուն սահմանափակ նստարաններուն հետեւանքով, շատեր չկրցան ներկայ գտնուիլ ելեքտրականացած մթնոլորտի մը մէջ ընթացող կարեւոր այս մրցումներուն:
ՀՄԸՄի Աւստրալիոյ պասքէթպոլի մանչերու Ա. դասակարգի խումբի մասնակցութիւնը եւս մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց Նաւասարդեան Մարզախաղերուն:
Շրջանային Մարզական Խորհուրդին կողքին, անձնազոհ այլ հայորդիներ օգտակար հանդիսացան որոշ մարզախաղերու կազմակերպման մէջ: Այսպէս ֆութպոլի մարզաճիւղի մրցումներու կազմակերպումը վստահուած էր չորս հոգինոց յանձնախումբի մը.
* Ալպերթ Իսկանտարի – ատենապետ
* Ռուբէն Եուտատեան
* Ռուբէն Դաւուտեան
* Ճորճ Խաչատուրեան
Փինկ Փոնկի պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր «Շամլեան» ազգ. վաժարանի մարզանքի վաստակաշատ ուսուցիչներէն Անդրանիկ Պագատուրեանը, թենիսը՝ Շրջանային փոխ-խմբապետուհի Նանոր Տէկիրմէնճեանը, ճատրակը՝ Պաղտիկ Յովաննէսեանը, իսկ բաժակներու եւ մետալներու ապահովումը՝ Սօսի Շանլեանը:
Շնորհաւորելի աշխատանք տարաւ Շրջանային Մարզական Խորհուրդը, որուն համար մեծապէս գնահատուեցաւ մարզասէր հասարակութեան եւ պատասխանատու մարմիններու կողմէ:
Ստորեւ, մարզախաղերու ընդհանուր դասաւորման արդիւնքները:
ՓԻՆԿ-ՓՈՆԿ
1.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
2.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ
3.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գրեսէնթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղ
ԹԵՆԻՍ
1.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
2.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Օրէնճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղ
3.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գրեսէնթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղ
ԼՈՂ
1.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ
2.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սանթա Գլարայի «Անի» մասնաճիւղ
3.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պըրպէնքի «Սիփան» մասնաճիւղ
ԹԵԹԵՒ ԱԹԼԷԹ
1.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ
2.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սաութ Պէյի «Արագած» մասնաճիւղ
3.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ
ՎՈԼԻՊՈԼ
1.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ
2.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սանթա Գլարայի «Անի» մասնաճիւղ
3.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
ՖՈՒԹՊՈԼ
1.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ
2.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
3.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ
ՊԱՍՔԷԹՊՈԼ
1.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
2.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ
3.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գրեսէնթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղ