ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Անցեալ Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերուն Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները գնահատած են իբրեւ «աննախընթաց»:
Մինսկի խումբի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեաքովի բնորոշումով, առաջին անգամ ըլլալով կողմերը քննարկած են «բանակցային փաթեթի նոր, վերջին մասը»:
Մերզլեաքովի խօսքով, սկսած է այն հարցերուն քննարկումը, որոնք նախապէս չեն քննարկուած:
«Ճիշդ այդ հարցերու քննարկումն ալ որոշակի տպաւորութիւն ստեղծեց, որ չկայ փոխըմբռնում», խոստովանած է Մերզլեաքով:
Ըստ ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզայի, երկու նախագահներուն զրոյցը եղած է խորունկ, յստակ եւ լուրջ:
«Առաջին անգամ ըլլալով նախագահները մեր ներկայութեամբ այդքան բաց կը քննարկէին այդ հարցերը, եւ կարծիք կը փոխանակէին: Միւս կողմէ, չեմ ուզեր ըսել, թէ ամէն ինչ շատ լաւ է, եւ՝ համաձայնութեան հասած են: Ի հարկէ, ո՛»չ, ըսած է Պրայզա: Համանախագահին խօսքով, ինք թէեւ որոշ չափով հիասթափուած է անկէ, որ նոր որոշումներ չեն ընդունուած, սակայն, միւս կողմէ, բանակցութեան օրակարգը հասած է այն փուլին, որ սեղանին են, «բարդ, մնացորդային հարցեր», որոնց շուրջ միշտ ալ դժուար կ՛ըլլայ համաձայնութեան գալ:
Համանախագահները յայտնած են, որ բանակցութեան ընթացքին չէ քննարկուած ԼՂՀ մասնակցութեան հարցը. ընդհանրապէս այդ հարցը օրակարգի վրայ չէ դրուած:
Ըստ Յ. Մերզլեաքովի, ԼՂ մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացին մէջ նպատակայարմար է այն փուլին, երբ կարգաւորման հիմնարար սկզբունքները հաւանութեան կ՛արժանանան:
Պրայզայի խօսքով, ուշադրութեան կ՛արժանանան Արցախի մասնակցութեան վերաբերեալ Ղարաբաղի մտահոգութիւնները:
«Պարզ է, որ առանց անոնց մասնակցութեան եւ համաձայնութեան՝ կարգաւորումը անկարելի է», յայտնած է Պրայզա: