ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Տարեսկիզբին, Կազայի վրայ Իսրայէլի շղթայազերծած ծանօթ յարձակումէն ետք, իսրայէլեան քարոզչական մեքենան ամիսներ շարունակ գործուած ոճիրներուն համար ինքնարդարացման փորձեր կատարեց աշխարհը համոզելու, թէ պաղեստինցիները մեծաթիւ անմեղ զոհեր տուած են, մանաւանդ այն պատճառով, որ «Համաս»ի զինեալները իրենց ճակատումներուն ընթացքին պաղեստինցի քաղաքայիններ իբրեւ մարդկային պատնէշ գործածած են։
Օրին, այս «վարկած»ը լայն արձագանգ գտած էր Իսրայէլը միշտ անմեղ ընդունող երկիրներու, ներառեալ՝ ամերիկեան մամուլին մէջ, որ ձայնակցած էր ինքնապաշտպանութեան դիմող պաղեստինցիները ամբաստանեալի աթոռին նստեցնող քարոզչութեան։ Մարդիկ սահմրկած էին իմանալով, որ իր ժողովուրդը պաշտպանող ուժ մը նոյնինքն այդ ժողովուրդը իբրեւ նոխազ օգտագործած է եւ հակաիսրայէլեան քարոզչութիւն կ՛ընէ։
ՄԱԿն ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններ, ի շարս որոնց՝ «Էմնըսթի Ինթըրնէշընըլ», անտարբեր չմնացին. քննութիւններ բացուեցան ստուգելու համար, թէ լուրերն ու վերագրումները որքանո՞վ ճիշդ էին։ Պաղեստինցիք ի սկզբանէ անհեթեթ հռչակած էին իսրայէլեան ամբաստանութիւնները, բայց անսացողներուն համեմատութիւնը նկատառելի չէր։
Հիմա, ամիսներ ետք, իրականութիւնը դարձած է յստակ. քննութիւնները ցոյց տուած են, որ պաղեստինեան ուժեր նման ոճրային արարք չեն գործած։ Ընդհակառակը, բազմաթիւ վկայութիւններ հաւաքուած են, թէ՝ իսրայէլեան բանա՛կը պաղեստինցի քաղաքայիններ իբրեւ մարդկային պատնէշ գործածած է իր յարձակումներուն ընթացքին։
Միջազգային քննութիւններու իբրեւ արդիւնք պատրաստուած այս լեղի «կաթօ»ին վրայ, իսրայէլեան «քրիմ» մը աւելցաւ քանի մը օր ետք, Չորեքշաբթի, 15 Յուլիսին, երբ հաղորդուեցաւ, որ իսրայէլեան բանակէն խումբ մը զինուորներ վկայագիր մը ստորագրած ու հրապարակած են՝ հաստատելով, որ բանակը չափազանցեալ ուժի դիմած է այդ յարձակումներուն ընթացքին ու այդ պատճառով ալ, պաղեստինցի քաղաքային զոհերուն թիւը եղած է անհամեմատօրէն մեծ։
Այս հաստատումները կեանքի պիտի չվերադարձնեն զոհերը, այլ պիտի ստուարացնեն իսրայէլեան ոճիրներու փաստագրական հատորը։ Ո՞վ պիտի ըլլայ պատժողը…
Սակայն նաեւ, ինչպէս միշտ, պէտք էր դիմել Իսրայէլը «բարի ձագուկ» նկատող երկիրներու մամուլէն բացի այլ աղբիւրներու, նման դաժան իրականութիւններուն ծանօթանալու համար։