ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցութեանց վերջին փուլի աւարտին, երեք նախագահներու հանդիպումէն ետք ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ մը, ուր կ՛ըսուի.
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցերը քննարկելու նպատակով, Յուլիս 17-18ին Մոսկուայի մէջ հանդիպած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանն ու Իլհամ Ալիեւը: Յուլիս 17ին տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, որ 2008ի Յունիսի հանդիպումէն ի վեր թիւով վեցերորդն է, նախագահները դէմ առ դէմ քննարկած եւ լայն կազմով բանակցութիւններ վարած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքովի (Ռուսիա), Պեռնար Ֆասիէի (Ֆրանսա) եւ ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մէթիու Պրայզայի (ԱՄՆ) հետ՝ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի ներկայութեամբ:
Յուլիս 18ին նախագահներe ընդունած է Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւը:
Բանակցութիւնները անցած են անկեղծ եւ կառուցողական մդնոլորտի մէջ, ինչ որ կողմերուն հնարաւորութիւն տուած է մանրամասն քննարկելու առաջարկուած ձեւակերպումները՝ հիմնարար սկզբունքներու վերաբերեալ մնացած անհամաձայնութիւնները յաղթահարելու համար:
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները տեղեկացուցած են, որ Յուլիսի վերջաւորութեան Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ պիտի ունենան աշխատանքային նիստ մը, պատրաստելու համար Մատրիտեան սկզբունքներուն նոր տարբերակը՝ ըստ նախագահներ Պարաք Օպամայի, Տմիթրի Մետվետեւի եւ Նիքոլայ Սարքոզիի համատեղ յայտարարութեան:
Համանախագահները մտադիր են Սեպտեմբերին այցելել տարածաշրջան, ամսուան աւարտին կամ Հոկտեմբերի սկիզբը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հերթական հանդիպման հնարաւորութիւնները գնահատելու համար: