ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ՀՀ նախագահի մամուլի գրասենեակին տուած տեղեկութեամբ, Սերժ Սարգսեանի նախագահութեամբ Յուլիս 21ին կայացած է ՀՀ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստը:
Երկրի ղեկավարը Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամներուն տեղեկացուցած է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ իրականացուող բանակցութիւններուն ընթացքին, յատկապէս` Յուլիս 17-18 Մոսկուայի մէջ կայացած երկկողմ եւ եռակողմ հանդիպումներուն մասին:
Նիստի ընթացքին քննարկուած եւ հաւանութեան արժանացած է ՀՀ թմրամոլութեան եւ թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի ազգային ծրագրի նախագիծը:
Խորհուրդի քննարկման ներկայացուած է նաեւ Հայաստանի մէջ մթնոլորտի եւ մթնոլորտային երեւոյթներուն վրայ աշխոյժ ներգործութեան հայեցակարգի նախագիծը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանը կարեւորած է հակակարկտային գիտարուեստներու արդիւնաւէտ կիրառումը` շեշտելով, որ կառավարութեան այդ ուղղութեամբ քայլերը պէտք է հասկնալի եւ տեսանելի ըլլան գիւղատնտեսութեամբ զբաղողներուն համար: