ԷՋՄԻԱԾԻՆ, «Այսօր».- Յուլիս 21ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ` գումարուած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողով:
Ժողովը բացուած է Տէրունական աղօթքով: Ողջունելով ժողովականներուն` կաթողիկոսը իր օրհնութիւնը եւ գնահատանքը փոխանցած է ներկաներուն ապա ցաւ յայտնած՝ Մայր Աթոռի երիցագոյն միաբան, հանգուցեալ Տ. Ներսէս արքեպիսկոպոս Պոզապալեանի կորուստին համար։ Նախքան օրակարգին անցնիլը ԳՀԽ անդամներուն ներկայացուած է նախորդ ժողովի արձանագրութիւնը, ապա ժողովը սկսած է օրակարգի հարցերու քննարկումները:
Եպիսկոպոսաց առաջիկայ ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին զեկուցած է ԱՄՆ հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը: Քննարկումներէն յետոյ որոշուած է եպիսկոպոսաց ժողով գումարել յաջորդ տարի` քննութեան առնելու Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր, ծիսական, կանոնական եւ վարչական շարք մը կարեւոր խնդիրներ:
ԳՀԽ անդրադարձած է նաեւ այս տարուայ Հոկտեմբեր 30–Նոյեմբեր 4 Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հրաւիրուող թեմական ներկայացուցչական ժողովի օրակարգին:
Ժողովը անդրադարձած է նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր քարոզչական գործունէութեան եւ որոշած է հիմնել քարոզչական կեդրոն` Հայ Եկեղեցւոյ քարոզչական առաքելութիւնը առաւել արդիւնաւէտ իրականացնելու համար:
Վեհափառ Հայրապետը ԳՀԽ անդամներուն ներկայացուցած է Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Կիրիլ Ա Պատրիարքի հետ հանդիպման մանրամասները` գոհունակութեամբ անդրադառնալով երկու եկեղեցիներուն միջեւ առկայ եղբայրական եւ ջերմ յարաբերութիւններուն: Նորին Սրբութիւնը տեղեկացուցած է, որ այսուհետ եւս պիտի շարունակուի աստուածաբանական երկխօսութիւնը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ միջեւ, ինչպէս նաեւ տեղեկացուցած է, որ Կիրիլ Ա Պատրիարքի միջնորդութեամբ պիտի շարունակուին մոսկովեան եռակողմ հանդիպումները` Հայ Առաքելական, Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Ատրպեճանի մուսուլմաններու առաջնորդին միջեւ` ի խնդիր ԼՂ խաղաղ կարգաւորման գործընթացին:
Ժողովի ընթացքին քննարկուած են նաեւ Արեւմտեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութիւններուն առնչուող կանոնական, կազմակերպչական, ինչպէս նաեւ ներեկեղեցական խնդիրներ:
Ժողովը փակուած է Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքով եւ «Պահպանի»չ աղօթքով: