ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով Պաքուի մէջ Յուլիս 20ին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացին մէջ որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է: Նախարարը ըսած է. «Համանախագահները (ԵԱՀԿ Միսնկի խումբի) շրջան պիտի այցելեն՝ պատրաստելու համար Սեպտեմբերին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած նախագահներու յաջորդ հանդիպումը։ Կը կարծեմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման գործընթացին մէջ որոշ յառաջդիմութիւն գոյութիւն ունի»։
Մամէտեարով յայտնեց, որ համաձայնութեան շարք մը սկզբունքներ հրապարակուած են եւ այդ սկզբունքներուն շուրջ աշխատանքը կը շարունակուի։ «Հայկական ուժերը պէտք է հեռանան բռնագրաւուած հողամասերէն։ Ատկէ ետք գաղթականներուն վերադարձը պիտի արծարծուի», նշած է ան՝ աւելցնելով, որ ենթակառոյցը վերականգնելու համար մեծ գումարներու կարիք կայ եւ կը նախատեսուի, որ այս հարցը քննուի Եւրոմիութեան հետ։ «Երբ տագնապին լուծման գործընթացին աշխուժացում կ՛ըսեմ, առաջին հերթին ըսել կ՛ուզեմ այս գործընթացին մէջ Ռուսիոյ մասնակցութեան աշխուժացումը», նշած է Մամէտեարով։
Իր կարգին, իշխող Նոր Ատրպէյճան կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ երեսփոխան Մալահաթ Հասանովա, խօսելով Յուլիս 17-18ին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպումներուն մասին՝ յայտնած է, թէ նման հանդիպումներ «օգտակար են»։ «Կը համարձակիմ ըսելու, որ այս հանդիպումը նախորդ հանդիպումներուն նման նշանակալից էր», ըսած է ան, սակայն միաժամանակ աւելցուցած, թէ՝ «Կարգ մը արեւմտեան դիւանագէտներու այն խօսքերը, թէ՝ Ռուսիա յառաջդիմութեամբ հետաքրքրուած է, անիրապաշտ են»։
Նաեւ, Ատրպէյճանի մէջ խումբ մը ընդդիմադիր կուսակցութիւններ յայտարարած են, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման Մատրիտեան սկզբունքները կը համընկնին հայկական կողմի պահանջներուն հետ:
Երեքշաբթի օրուան ժողովի մասնակիցները նշած են, որ անոնք դէմ պիտի դնեն Ատրպէյճանը մասնատել փորձող Մինսկի խումբի փորձերուն՝ զանգուածային ցոյցեր կազմակերպելով: