ՔԻԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն Երեքշաբթի, Յուլիս 21ին Ուքրանիոյ նախագահին յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն կը զօրակցի ՆԱԹՕի անդամակցելու Ուքրանիոյ ձգտումին: Պայտըն Քիեւի մէջ հանդիպում ունեցաւ նախագահ Վիքթոր Եուշչենքոյի հետ, ապա ճառի մը մէջ ըսաւ. «Չենք ճանչնար որեւէ ազդեցութեան գօտի։ Որեւէ մէկը իրաւունք չունի մէկ այլ երկրի ցուցմունք տալու, թէ՝ ան այս կամ այն ուխտին կրնայ պատկանիլ կամ ինչպիսի արտաքին յարաբերութիւններ պէտք է հաստատէ», յստակօրէն ակնարկելով Ռուսիոյ։ Ան Ուքրանիան կոչեց «եւրոպական երկիր մը, ուր ժողովրդավարութիւն կը տիրէ», այդպիսով ալ անուղղակիօրէն ակնարկելով Ռուսիոյ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.