ԹԷԼ ԱՒԻՒ.- «Իսրայէլի ձայն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հաստատած է այն տեղեկութիւնները, թէ Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպան Մայքըլ Օրոն Երեքշաբթի, Յուլիս 21ին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է՝ քննելու համար արեւելեան Երուսաղէմի մէջ նոր յարկաբաժիններ կառուցելու իսրայէլեան ծրագիրը, որուն կ՛ընդդիմանայ Ուաշինկթըն։ Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Ճորճ Միչըլ այս շաբթուան ընթացքին դարձեալ շրջան պիտի այցելէ՝ հանդիպումներ ունենալու համար պաղեստինցի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.