ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ, «Էյ.Փի.».- Ամիսներ տեւած անորոշութենէ ու վերջին երեք շաբաթներուն իրականացուած լուրջ բանակցութիւններէն ետք, Քալիֆորնիոյ կառավարիչ Առնոլտ Շուարցնեկըր եւ նահագնային խորհրդարանի ու Ծերակոյտի ղեկավարները Երկուշաբթի, Յուլիս 20ին կրցած են նախնական համաձայնութիւն մը գոյացնել՝ փակելու համար նահանգին դիմագրաւած 26.3 միլիառ տոլարի ամավարկի բացը:
Այս նպատակին հասնելու համար, կողմերը որոշած են հսկայական կրճատումներ կատարել՝ միաժամանակ տուրքերու նուազագոյն յաւելումները իրականացնելով:
Մեծագոյն տուժողները պիտի ըլլան աշակերտները եւ ուսանողները, որովհետեւ տարբեր մեկնաբանութեանց համաձայն, կը նախատեսուի 6-9 միլիառ տոլարի կրճատումներ կատարել կրթական մարզէն, մինչ տեղական մարմիններէն 4 միլիառ տոլարի յաւելեալ գումարներ պիտի վերցուի նահանգային իշխանութիւններուն կողմէ: Բանտերու համակարգի ծախսերէն եւս պիտի կրճատուի 1.2 միլիառ տոլար:
Այժմ համաձայնութիւնը պէտք է վաւերացուի Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին ու Ծերակոյտին կողմէ: Վաւերացման համար հարկաւոր է քուէներու երկու երրորդ մեծամասնութիւն: