ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմէնիաՆաու».- Յուլիս 30էն Սեպտեմբեր 21ի միջեւ Հայաստանի պետական կամերային նուագախումբը (ՀՊԿՆ) պիտի ներկայացնէ 23 բացօթեայ համերգներ:
Երաժշտական բաց փառատօն անուանումը ստացած համերգներուն շարքը տեղի պիտի ունենայ «Մոսկուա» շարժանկար-թատրոնի բացօթեայ դահլիճին մէջ եւ պիտի ըլլալ բաց՝ «ամբողջ աշխարհի եւ համաշխարհային երաժշտութեան դիւթիչ խճանկարի համար», յայտնած է մտայղացման հեղինակ, ՀՊԿՆ գեղարուեստական ղեկավար Արամ Ղարաբէկեան:
Նորանկախ Հայաստանի համար ասիկա աննախադէպ երեւոյթ է, եւ Ղարաբէկեան կը ցանկայ «ստեղծել մի աւանդութիւն, որը, նախեւառաջ, կը վերահաստատի Երեւանի մշակութային նորացման յաւերժ ոգին»:
Ղարաբէկեան նաեւ յայտնած է, որ «Երբեմն մարդը պէտք է մի քիչ խենթ բաներ փորձի»: Անոր «խենթ» մտայղացման աջակցած են հայաստանեան կազմակերպութիւններ եւ հովանաւորներ՝ մատուցելով անվճար ծառայութիւններ եւ այլ նուիրատուութիւններ:
Երաժշտական բաց փառատօնի կազմակերպիչները վստահ են, որ անիկա ցոյց պիտի տայ Հայաստանի՝ արուեստի երկիր ըլլալն ու համաշխարհային մասնակցութիւն ապահովելու անոր մշակութային համայնքի կարողութիւնը:
Թէեւ անդրանիկ փառատօնին գլխաւորաբար պիտի հնչէ դասական երաժշտութիւն, ծրագիրը պիտի ներառէ նաեւ ֆոլք, էթնիկ, ճազ, ֆիւժն եւ աւանկարտ երաժշտութիւն: Սպասուող հիւրեր են ձեռնադաշնակահար Մարիօ Սթեֆանօ Փիեթրոտարչի, քլառնեթահար Միշէլ Լեթիէք, մեցցօ-սոփրանօ Աննա Մարիա Քիուրի եւ սաքսոֆոնահար Ֆետերիքօ Մոնտելչի: Օգոստոսին համերգով հանդէս պիտի գայ նաեւ Երեւանէն «Time Report» սիրուած «ճազ» խումբը:
Ղարաբէկեան յոյս յայտնած է, որ կը յաջողի փառատօնի դաստիարակչական առաքելութիւնը: «Միաժամանակ, մենք ցանկանում ենք հիմնել այնպիսի բարձրորակ ու բազմաժանր երաժշտական փառատօն, որը հնարաւորութիւն կը տայ Երեւանին, հետեւաբար՝ նաեւ Հայաստանին, նուաճելու համաշխարհային նշանակութեան երաժշտական կենտրոնի համբաւ», յայտնած է ան:
«Բաց երաժշտութիւն» փառատօնի ամբողջ ծրագիրը կարելի է գտնել Կամերային նուագախումբի կայքէջին վրայ՝ www.ncoa.am:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.