ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներէն Արի Քիլեան մէկն է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Մարք Քըրքի համակիրներէն, որոնք ներկայ եղան յառաջիկայ Ծերակոյտի ընտրութեանց մասնակցելու կապակցութեամբ Քըրքի կատարած պաշտօնական յայտարարութեան համար կազմակերպուած հաւաքին:
Արդարեւ, Քըրք որոշած է իր թեկնածութիւնը դնել նախագահ Պարաք Օպամայի նախկին աթոռին համար տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն՝ խոստանալով շեշտը դնել տնտեսութիւնը բարելաւելու եւ Իրաքի մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութեան վերջ տալու աշխատանքներուն վրայ:
Իր ելոյթին ընթացքին ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նեցուկ կանգնող ամերիկահայ համայնքին՝ խոստանալով առաջ մղել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը:
Յիշեցնենք, թէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 2000ին նեցուկ կանգնած էր Քըրքի ընտրապայքարին, որ աւարտած էր անոր յաղթանակով:
Քըրք, որ կը ներկայացնէ Իլլինոյի ամենահայահոծ շրջանը, ներկայ Քոնկրէսի Հայկական հարցերու համախմբումին համանախագահն է՝ քոնկրէսական Ֆրէնք Փալոնի կողքին:
Վերջերս, Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեան «Հայաստանի ոգի» շքանշանով պատուած էր քոնկրէսական Քըրքը: