ՀՅԴ Արխիւի կայքէջէն կը քաղենք հետեւեալ տեղեկագրութիւնը.
Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Յայտարարութիւն (30 Մայիս, 1918)
Մեր պատմութեան անկիւնադարձային թուականներէն մէկն է Մայիս 28, 1918ը: Այդ օր, ծնունդ առաւ հայոց պետականութիւնը, որ Հայաստանի հողին վրայ դադրած էր գոյութիւն ունենալէ 1045 թուականէն՝ Բագրատունեաց հարստութեան անկումէն ի վեր:
ՀՅԴ Արխիւներու Հիմնարկին մէջ կան 1918ին ծնունդ առած հանրապետութեան արխիւներ: Այս արխիւներուն մէջ կը գտնուի նաեւ այն յայտարարութիւնը, որ կը հռչակէր հայոց պետականութեան ծնունդը:
Ահաւասիկ այդ կարճ յայտարարութիւնը: Ան գրուած է մէկ էջնոց թուղթի մը վրայ, սովորական չափի: Ցարդ չենք կրցած ստուգել, թէ ձեռագիրը որու՞ կը պատկանի: Կարտագրենք նոյնութեամբ.-
«Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջութեան լուծումով եւ Վրաստանի ու Ադրբեջանի անկախութեան հռչակումով ստեղծուած նոր կացութեան հանդէպ, Հայոց Ազգային Խորհուրդը իրեն յայտարարում է հայկական գաւառների գերագոյն ու միակ իշխանութիւն: Որոշ ծանրակշիռ պատճառներով թողնելով մօտիկ օրերում կազմել Հայոց Ազգային Կառավարութիւն, Ազգային Խորհուրդը ժամանակաւորապէս ստանձնում է կառավարութեան բոլոր ֆունկցիաները հայկական գաւառների քաղաքական եւ վարչական ղեկը վարելու համար»:
Հայոց Ազգային Խորհուրդ
1918, Մայիս 30
Կարեւոր է ընդգծել, որ Յայտարարութիւնը կը խօսի ԱԶԳԱՅԻՆ կառավարութեան մը կազմութեան մասին: Այսինքն, այնպիսի կառավարութիւն մը, որ Ազգին, ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՆ տիրութիւն ընէ, եւ ոչ թէ անոր այս կամ այն հատուածին: Հայոց Ազգային Խորհուրդը կը ճշդէ սկզբունքը՝ ուր որ ալ ըլլան այդ ժողովուրդին զաւակները, եւ ինչ ալ ըլլան այդ պետութեան սահմանները, կազմուելիք կառավարութիւնը այդ ամբողջութեան տիրութիւն պիտի ընէ. եթէ այդ «ամբող»ջը այսօր գոյութիւն չունի, պէտք է աշխատիլ մասնիկները «ամբող»ջի հովանիին տակ հաւաքել, մասնիկները «ամբող»ջի վերածել: Ռազմավարական այս առաջադրանքը այսօր եւս կը մնայ հայութեան ու յատկապէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութէան օրակարգին վրայ:
Մայիսեան մեր Լրատուի երկրորդ փաստաթուղթը ստացագիրի օրինակ մըն է: 1920ին, Ամերիկայի տարածքին կազմակերպուած էր հանգանակութիւն՝ ի նպաստ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակին: Այս աշխատանքին լծուած էր ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն: Ստացագիրը, որուն պատկերը կը տեսնէք, տրուած է Յուհաննէս Մարտիրոսեան անունով հայորդիի մը, որ նուիրած էր 100 տոլար (այդ օրերուն լուրջ գումար մը): Թուականը՝ Ապրիլ 25, 1920:
Երրորդը լուսանկար մըն է, ուր կերեւի Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան շէնքը, 1918ին: Յայտնենք, որ Ուաշինկթընի մէջ ՀՀ այդ օրերու դեսպանը Արմէն Գարօն էր, բուն անունով՝ Գարեգին Պաստրմաճեան:
Այցելեցէք ՀՅԴ Արխիւի Կայքէջ՝
http://arfarchives.org