ՀԱԼԷՊ, «Էյ.Փի.».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Չորեքշաբթի, Յուլիս 22ին Հալէպի մէջ քննեցին հասարակաց հետաքրքրութեան նիւթ եղող շրջանային եւ միջազգային հարցեր։ Անոնք գոհունակութիւն յայտնեցին երկկողմանի յարաբերութեանց ներկայ վիճակին համար՝ աւելցնելով, որ այդ յարաբերութեանց շնորհիւ շրջանին մէջ կայունութիւնը ամրապնդուած է:
Հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է Կազայի մէջ պաղեստինցի ժողովուրդի պարտադրուած շրջափակումին վերացման ուղղութեամբ աշխատանքի աշխուժացման շուրջ։ Երկու ղեկավարները անդրադարձած են նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ արդար եւ համապարփակ խաղաղութիւն հաստատելու կարեւորութեան։
Սուրիա մեկնելէ անմիջապէս առաջ, Էրտողան Անգարայի օդակայանին մէջ յայտնած է, որ Թուրքիա պատրաստ է Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ անուղղակի բանակցութեանց մէջ միջնորդի դերակատարութիւն վերստանձնելու։ Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ թրքական միջնորդութեամբ անուղղակի բանակցութիւնները դադրեցան Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումին պատճառաւ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.