ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- «Իսրայէլը մեր տունն է» կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի ատենապետ եւ Իսրայէլ-Ատրպէյճան բարեկամութեան խորհրդարանական համախմբումի ղեկավար Ռապըրթ Իլաթով այցելած է Պաքու՝ ընդառաջելով Ատրպէյճանի մէջ հրէական կազմակերպութիւններու հրաւէրին, ուր հանդիպում ունեցած է ատրպեճանական սփիւռքի հարցերով պետական յանձնախումբի ատենապետ Նազիմ Իպրահիմովի եւ խորհրդարանի առաջին փոխնախագահ, Ատրպէյճան-Իսրայէլ բարեկամութեան խորհրդարանական համախմբումի ղեկավար Էւտա Ապրամովի հետ։
Ան, այլ հարցերու կողքին, անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցերուն։ Պատասխանելով Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան քննարկման մասին հարցումի մը՝ Իլաթով ըսած է. «Մեր խորհրդարանին մէջ ոեւէ անդամ կրնայ քննարկման համար որեւէ հարց արծարծել, սակայն Իսրայէլ տասնամեակներէ ի վեր այդ (Հայկական Ցեղասպանութեան) հարցը իր օրակարգէն դուրս բերած է։ Այսօր որեւէ պատճառ չեմ տեսներ, որ իսրայէլեան խորհրդարանը ընդունի քննարկել հայ ժողովուրդին այսպէս կոչուած՝ ցեղասպանութիւնը»։
Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ան ըսած է. «Մեր պաշտօնական դիրքորոշումը եւ իմ անձնական դիրքորոշումս այն է, թէ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը պէտք է վերականգնի եւ Հայաստանի կողմէ բռնագրաւուած հողամասերը վերադարձուին Ատրպէյճանի»։