ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ժողովրդավարութեան եւ մարդկային վեհագոյն սկզբունքները գնահատող երկիր ըլլալու յաւակնութիւն ունի նիւթապէս հարուստ ու անսահման հնարաւորութիւններով օժտուած Միացեալ Նահանգները: Բայց այս հսկայ պետութիւնը տարիներով անտարբեր եղած է, երբ իր աչքին առջեւ միլիոնաւոր քաղաքացիներ անօգնական ու անկարող մնացած են դիմագրաւելու հիւանդութեան ու բժշկական կենսական խնամքի խնդիրները:
Կ՛աշխատիս, ապա հնարաւոր է որ ունենաս առողջապահական գէշ-աղէկ ապահովագրութիւն մը, որ գործատիրոջդ համար շատ սուղ կը թուի, իսկ քու կարիքներուդ համար՝ անբաւարար:
Գործդ կը կորսնցնես, կը սնանկանաս՝ առողջութիւնդ յանձնած կ՛ըլլաս բախտի քմահաճոյքին. ոչ միայն քու առողջութիւնդ, այլեւ՝ ընտանիքիդ, զաւակներուդ:
Մասնաւոր ոլորտի մէջ կ՛աշխատիս, սակայն եկամուտդ շատ հեռու է քեզ թոյլատրելու, որ անհրաժեշտ գումարը մէկդի դնես ամէն ամիս՝ վճառելու համար առողջապահական ապահովագրութեան:
Տիեզերական ապահովագրութիւնը, այսինքն՝ բոլոր քաղաքացիներու առողջապահական ապահովագրութիւնը՝ անկախ անոնց եկամուտէն, անոնց աշխատանքի կացութենէն, անոնց տարիքէն, անոնց նախկին հիւանդութիւններէն, ընկերվարական գաղափարախօսութեան ծնունդ է, սակայն այսօր կը գործադրուի Անգլիոյ նման դրամատիրութեան ամրաբերդ նկատուող երկրի մը մէջ:
Ամերիկայի ժողովուրդը իրաւունք ունի նոյն եւ աւելի կատարելագործուած համատարած առողջապահական ապահովագրութեան դրութիւն մը ունենալու: Գինը մե՞ծ է:
Ոչ կեանքի մը չափ:
Տուրքերը աւելցնելու կարի՞ք պիտի ըլլայ՝ աւելի բարդացնելով կամ խորացնելով երկրի տնտեսական ճգնաժամը:
Աւելի լաւ ժամանակներու մէջ ապրած շրջանին ինչո՞ւ չիրականացուեցաւ այս գաղափարը:
Աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք: