ՍԱՆ ՌԱՄՈՆ, Քալիֆորնիա.- Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը Հինգշաբթի, Յուլիս 23ին տեղեկացուց, թէ ամերիկեան քարիւղի հսկայ ընկերութիւններէն «Շեւրոն»ը, հակադարձելով իր դէմ սկսած ՀԵԴի արշաւին՝ փորձած է արդարացնել Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման նպաստող իր քայլերը եւ օգտագործել Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի իշխանութեանց կողմէ շարունակաբար գործածուող բառամթերքը:
Արդարեւ, ընկերութեան բանբեր Ճասթին Հիկզ յայտարարած է, թէ իր ընկերութիւնը ընդդիմացած է Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացման, որովհետեւ բանաձեւին վաւերացումը պիտի վատթարացնէր Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները, միաժամանակ աւելցնելով, թէ ընկերութիւնը նեցուկ կը կանգնի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց հասատատման, բան մը, որ պիտի նպաստէ շրջանէն ուժանիւթի արտածման աշխատանքներուն:
Իր կարգին, ՀԵԴի Սան Ֆրանսիսքոյի ուխտի ատենապետ Մէթ Սէնէքէրիմեան շեշտեց, թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական երկարատեւ յարաբերութիւնները կարելի պիտի ըլլայ հաստատել միայն ճշմարտութեան հիման վրայ, պնդելով, որ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդդիմանալով՝ «Շեւրոն» ուղղակիօրէն կ՛օգտուի մէկ ու կէս միլիոն հայերու սպանութենէն: Ան նաեւ կ՛ազդարարէ, թէ ընկերութեան կարճատես այս մօտեցումը շրջանը աւելի անկայուն պիտի դարձնէ:
«Շեւրոն» կը հակադարձէր Չորեքշաբթի օր սկսած Սան Ռամոնի մէջ գտնուող ընկերութեան կեդրոնատեղիին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին գտնուող քարիւղի զանազան կայարաններուն առջեւ տեղի ունեցող ցոյցերուն:
Քոնկրէսին ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին հեղինակներէն Էտըմ Շիֆ Չորեքշաբթի օր խստօրէն քննադատեց «Շեւրոն»ն ու հինգ այլ ընկերութիւններ, որոնք մեղսակից են բանաձեւին դէմ Թուրքիոյ ի նպաստ տարուող աշխատանքներուն:
«Չեմ կարծեր, որ ամերիկեան հսկայ ընկերութիւններ պէտք է մեղսակից ըլլան այլ երկրի մը կողմէ տարուող ցեղասպանութեան ուրացման արշաւին, որովհետեւ նման քայլ մը ոտնակոխում մըն է հանրութեանց շահերուն», ըսաւ ան:
Յայտնենք, թէ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Սան Ռամոնի, Փասատինայի, Հոլիվուտի, Պըրպէնքի, Օրէնճ քաունթիի, Ֆրեզնոյի, Մէրիլէնտի, Ֆլորիտայի եւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ:
Ցոյցերուն զուգահեռ, ընկերութեան տնօրէն Տէյվ Օ՛Ռայլիի ուղղուած բողոքի նամակներու արշաւ մը կը կատարուի, իսկ այս բողոքի արշաւին կապակցութեամբ համացանցային «Ֆէյսպուք» կայքին վրայ հաստատուած յատուկ խմբակի անդամներուն թիւը արդէն իսկ անցած է 1300ը:
Շարք մը տեղական թերթեր ու լրատուական գործակալութիւններ անդրադարձած են ցոյցերուն:
«Փաստօրէն, Թուրքիա ոչինչ կը խնայէ իր պատմութեան մութ էջերը ծածկելու համար: Նման ընկերութեանց հետ գործակցութիւնը Թուրքիոյ ուրացման արշաւին նորագոյն տարբերակն է՝ ուրացման արշաւը տարածելով դէպի մեր համայնքները, քարիւղի մէկ կայարանէն միւսը», կը յայտնէ ՀԵԴի Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Թովմասեան:
Ընկերութեան տարած ուրացման աշխատանքներուն մանրամասնութինները կարելի է կարդալ www.anca.org/chevron համացանցային կայքէջին վրայ:
This is same unscrupulous “Now Multinational” company used to be called “Standard Oil of California” which came out of its small time from the United States in the end of the World War I to compete for the spoils of War in Mosul oil.
In June 18, 1923 to secure for the Standard Oil Company a share in Mosul oil, and, at whatever price in national honor might have to be paid “… it was through the Department of State that the Standard Oil Company did work. And in order to secure the cooperation of the Turks, the Department of State did in fact pay the Turkish price, namely the abandonment of the Armenian case…” (See- VAHAN CARDASHIAN: Advocate Extraordinaire For the Armenian Cause- Page, 117).
Now, Chevron in conjunction with Department of State again playing same scenario when Justin Higgs said the genocide resolution “would have hurt, not helped, relations between Turkey and Armenia.” by that intimidating the Armenian Government by exerting pressure to get Pipeline Right of way through Armenia.
There never was good relation in the past between Turkey and Armenia and never will be until Turkey accepts responsibility for Genocide and reparations.
If Chevron or Department of State need Pipeline through Armenia then should get back at Turkey. Talk to them to accept the genocide responsibility so we then know they are sincere.