ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ
Լիզպոնի 5ի Յիշատակին
25ամեակ…
Մօտակայ անցեալի պատմութեան էջերուն մէջ ոսկեայ տառերով եւ հայրենիքի, ազգի ու դատի համար թափած արեամբ գունաւորուած էջ մը… էջ մը, որ կը շրջանցէ տուեալ ժամանակահատուածի ամէն տեսակի սահման:
Էջ մը, որ հպարտութիւն ներշնչելու կողքին յանձնառութիւն եւ յարգանք կը պարտադրէ Լիզպոնի հերոսներուն:
Արա, Սիմոն, Վաչէ, Սարգիս եւ Սեդրակ, հայրենիքէն հեռու, Սփիւռքահայ սերունդին ազատամարտիկներն էին, որոնք հայրենիքին սիրոյն զոհուեցան: Զոհուեցան անոնք անիրաւուած, հայրենիքէն տեղահանուած ժողովուրդի Դատին ի խնդիր: Անոնք նահատակուեցան Հայ Դատը աշխարհին ծանօթացնելու պայքարի աշխատանքի ճամբուն վրայ, որոնց հերոսական գործողութիւնը ոչ միայն աշխարհը ցնցեց, այլ հայութեան անբացատրելի հպարտանքին արժանացաւ:
25 տարիներ առաջ, հինգ Դաշնակցական երիտասարդ «խենթերը» քալեցին այդ ճամբան հայրենիքի սիրոյն համար: Թէեւ այսօր այդ օրերը չեն այլեւս, ու մենք կը գիտակցինք, որ այսօր դիւանագիտական ու քաղաքական ճամբան է, որ Հայ Դատի լուծման ի խնդիր կրնայ ծառայել՝ այնուամենայնիւ գիտենք նաեւ որ գերագոյն զոհաբերութեան վկաները երբեք չեն մեռնիր, այլ անոնք նոր սերունդներու կերտման մէջ իրենց լռելեայն ներդրումն ու դրոշմը կը դնեն:
25 տարիներ անցած են արդէն Լիզպոնի 5ի նահատակութեան: 25 տարիներու պատգամներով թրծուած են սերունդներ, կերտուած են նկարագիրներ… 25 տարիներու ընթացքին շատ բան փոխուած է, սակայն նոյնը մնացած է մեր պայքարը, նոյնը մնացած է մեր պահանջատիրութիւնը:
Լիզպոնի 5 տղաքը գացին եւ իրենց յոյսը դրին յառաջիկայ սերունդի վրայ՝ հաստատ գիտնալով որ անոնք պիտի շարունակեն պայքարը եւ պիտի ընտրեն իրենց օրուան յարմար միջոցն ու պայքարին աննահանջ, ի խնդիր իրենց ազգին ու հայրենիքին:
Յարգա՛նք ձեր Դաշնակցական կամքին ու գաղափարին, ձեր հոգիներուն ու անմար յիշատակին:
Հանգիստ ննջեցէք սիրելի Սիմոն, Սեդրակ, Վաչէ, Սարգիս եւ Արա: Դուք մեր պայքարին շունչ տուիք ու այդ շունչը սերունդէ սերունդ պիտի փոխանցուի…
ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
————————————————————————————————————————–
Տղոց Խօսքերէն
Սիմոն
Երիտասարդութեան կուզեմ ըսել, թէ նախ շատ անտարբեր են: Երկրորդ, իրենց նուազագոյն աջակցութիւնը կամ քաջալերանքը չեն բերեր: Մենք ալ իսկապէս երիտասարդներ ենք: Մենք ալ կը զգանք ամէն ինչ որ իրենք կընեն եւ մենք ալ կը տեսնենք աշխարհի բարիքները, բայց կուզենք մեզմէ ետք եկողները վայելեն այս բարիքները…
———————————————————————————————–
Սարգիս
Մենք ունեցանք հայրենիք, ազատութիւն, բայց երկու տարուան համար դժբախտաբար: Այս անգամ մեզի դադար չկայ: Մէկ բան յստակ թող ըլլայ՝ «օտարը մեզի ֆայտա չունի»:
—————————————————————————————————
Վաչէ
Մեր միակ մտածումն է լուծել մեր դատը, մենք ալ ուրիշներուն պէս մեր հայրենիքը ունենանք: Կը բաւէ այլեւս որ օտարութեան մէջ միշտ կը տառապինք, միշտ դէպի օտար երկիր կը փոխադրուինք: Ա՛լ կը բաւէ: Աչքերնիս թող ուղղուի դէպի Հայաստան:
————————————————————————————————
Սեդրակ
Մենք շատ համբերեցինք եւ դեռ կը համբերենք: Համբերելը նոր բան մը չէ մեզի համար: Ես Թուրքիոյ ուղղակիօրէն կըսեմ, եթէ իր շունչը երկար է, դեռ թող պայքարի մեզի դէմ: Մենք դեռ կը համբերենք:
—————————————————————————————–
Արա
Առանց հայրենիքի, առանց մայր հողին ո՛չ ապագայ կայ, ո՛չ կեանք, ո՛չ ընտանիք կ՛ըլլայ: Առանց մայր հողին, առանց ազգին, որեւէ ընտանիք գոյութիւն չ՚ունենար: