ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Երէկուան մեր թիւով տեղեկացուցած էինք, թէ Կլէնտէյլի կեդրոնական շրջանի մէջ, օր ցերեկով կատարուած էր սպաննութիւն մը, որուն զոհը Արա Տէրունեան անունով հայ մըն էր:
«Կլէնտէյլ Նիուզ Փրէս» թերթը իր երէկուան թիւով կը տեղեկացնէ, թէ Արա Տէրունեան Հայաստանի «Արարատ» դրամատան տնօրէններէն էր:
«Արարատ» դրամատան կայքէջէն կ՛իմանանք, թէ Արա Տէրունեան նախապէս եղած է այդ հիմնարկութեան տնօրէններէն մէկը, սակայն ներկայիս ան անդամ չէ տնօրէններու խորհուրդին:
Տէրունեան սպաննուած է իր սեփական «Լեքսըս» մակնիշի ինքնաշարժին մէջ: Իր կողքին եղած է իր կինը, որ յղի է: Մարդասպանը, որ ըստ ականատեսներու, սեւամորթ անձ մըն էր, եօթը փամփուշտ կրակած է Տէրունեանի վրայ ու փախած է՝ անցնելով թիւ հինգ ազատուղի:
Տէրունեանի նախկին պաշտօնակից Յովիկ Տատասեան «Կլէնտէյլ Նիուզ Փրէս»ին յայտնած է, որ ինք չի կրնար որեւէ պատճառ գտնել, թէ՝ ինչո՞ւ ոեւէ մէկը պիտի ուզէր սպաննել դրամատան նախկին տնօրէնին:
Կլէնտէյլի ոստիկանութիւնը, սակայն, ըստ «Նիուզ Փրէս»ի լրատուութեան, կը կասկածի, որ սպանութիւնը եղած է պատահականօրէն: