Երկար տարիներ սպասելէ ետք, 2010ի շրջանաւարտ դասարանը ճամբայ ելաւ դէպի հայրենիք՝ Հայաստան-Արցախ։
Թէեւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ անկախ պետութիւն չի ճանչնար, սակայն ղարաբաղցին ամուր կառչած է իր հողերուն, որուն ազատագրման համար սուղ գին վճարած է։
Մօտաւորապէս տասը ժամ տեւող ճամբորդութենէ մը ետք, հասանք Ստեփանակերտ եւ ուղղուեցանք մեր պանդոկը՝ Հեղնար, ուր մեր սենեակները անցանք հանգստանալու։ Յաջորդ առտու նախաճաշէն ետք այցելեցինք Արցախի նահատակուած ազատամարտիկներու փոքր թանգարանը, որ կը բաղկանար քանի մը փոքր սենեակներէ։ Թանգարանին պատերը ամբողջութեամբ ծածկուած էին զոհուածներու նկարներով։ Այս քաջարի տղաքը կռուած ու նահատակուած էին իրենց հայրենիքին համար, որովհետեւ կը հաւատային ազատ, անկախ ու ամբողջական Հայաստանի տեսլականին։ Թանգարանի պատասխանատու տիկինը, հաճելի ու մտերմիկ ժպիտով ընդունեց մեզ, բացատրութիւններ տուաւ, թէ ինչպէ՛ս այս հերոս տղաքը իրենց կեանքը զոհելով՝ դուրս շպրտած էին թշնամին։ Այս բոլորին մէջ սակայն շատ յուզիչ էր եւ անկարելի էր արցունք չթափել լսելով տիկնոջ անձնական փորձառութիւնը։ Ան պատմեց, թէ ինչպէս չորս զաւակ կորսնցուցած էր այս պատերազմին, եւ յատկապէս իր փոքր տղուն կորուստը, որուն հարսանեկան պատրաստութիւնները կը տեսնուէին, սակայն ան բնաւ տուն չվերադարձաւ եւ զոհուեցաւ պատերազմի դաշտին վրայ։
Ցուցափեղկի մը մէջ տեղադրուած էին հարսին ու փեսային հագուստները, որոնք անիրականացած երազի մը յիշատակներն էին։ Շատ յուզիչ ու ցաւալի էր ականատես ըլլալ մօր մը տառապանքին, որ սակայն քաջաբար խրատեց մեզի ամուսնանալ հայու հետ, շատ զաւակներ ունենալ, որ բազմանայ հայ ժողովուրդը։
Ամերիկայի մէջ ապրելով հայրենիքէն շատ հեռու, յատուկ կապուածութիւն մը կը զգամ Արցախի ժողովուրդին ու հողին հետ։ Բոլորս միասնաբար, Սփիւռք թէ հայրենիք, օգնութեան ձեռք պէտք է երկարենք ղարաբաղցիին, որպէսզի ոչ մէկ ձեւով վտանգուի անոր անկախութիւնը։
Շուտով կ՛ուզեմ կրկին այցելել Արցախ եւ երազս է հաստատուիլ Հայաստան ու յաւերժ մնալ հոն, հայրենի հողին վրայ։
ԴԱԼԱՐ ԳՈՍԱՔԵԱՆ
Հայրենի Աշխարհի Բնութիւնը
Գարնան գեղեցիկ օր մը, Մայիսի կէսերուն, Անի Ալաճաճեանին բախտ վիճակուեց լինել Ղարաբաղում։ Դաշտերն ու սարերը ամբողջութեամբ ծածկուած էին կանաչ խոտով, որ իմ համար ամէնէն գրաւիչ մասն էր։ Սառը քամին կը փչէր մեր երեսներուն, որ կարծես մեզ կ՛արթնցնէր երազէ մը, վայելելու մեր լեռներու գեղեցկութիւնը: Յոգնեցուցիչ, բայց հաճելի ճամբորդութենէ ետք, հասանք հիւրանոց, ուրկէ կարելի էր վայելել բնութեան գեղեցկութիւնը։ Ամէն առաւօտ կ՛արթննայինք ժպիտով, որովհետեւ մեզ արթնցնողը ժամացոյցի զանգը չէր, այլ աքլորներու յաջորդական կանչերը։ Բոլորս միասին, որոշուած ժամուն կը հաւաքուէինք նախաճաշի ճոխ սեղաններուն շուրջ, ուր մեզի կը հրամցուէին տնական պատրաստութեամբ հացն ու կարագը, մեղրն ու հաւկիթը։
Այցելեցինք բազմաթիւ տեսարժան եւ պատմական վայրեր, տեսանք հայկական քանդակագործութիւնն ու ճարտարապետութիւնը, որոնք ունէին իրենց յատուկ արժէքը, սակայն ինծի համար՝ բնութեան գեղեցկութեան ոչ մի բան կը հասնէր։ Կարմիր կակաչները կ՛օրօրուէին կանաչ գորգերուն վրայ, ցօղերը տերեւներուն վրայ կը փայլէին, կարծես ադամանդ ըլլային անոնք։
Բնութեան մաս կը կազմէր նաեւ հայ մամիկ մը, որուն հանդիպեցայ պատահաբար, անոր երեսին վրայ գոյացած կնճիռները կը պատմէին ամբողջ կեանքի մը դժուար պահերը։ Ալեհեր մազերը կը ներկայացնէին հայ մօր մը ապրումներն ու զոհողութիւնները։ Հայ մայրը պատուելու համար, այս մամիկին նուիրեցի մարգարիտէ վզնոց մը, որ անսահման ուրախութիւն պատճառեց այդ տառապեալ կնոջ։ Զգացի, թէ նուիրելն ու ուրախացնելը բնութեան գեղեցկութեան մէկ բաժինն էին:
ԱՆԻ ԱԼԱՃԱՃԵԱՆ
Վերջին Զանգ
Անմոռանալի յիշատակներով գիշեր մը անցուցի Երեւանի մէջ։ Վերջին Զանգի տօնն էր այդ գիշեր։ Վերջին Զանգը հայրենիքի աշակերտներուն համար յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ այդ օրը երկրորդական վարժարանէն աւարտելու գեղեցիկ պահն է։
Ուրախութեան տարօրինակ զգացում մը ունեցայ, որովհետեւ ինծի համար նորութիւն մըն էր այս տօնակատարութիւնը։ Երեւանի հրապարակը առաւօտուն արդէն զարդարուած էր օրուան յատուկ յարդարանքով, բեմը պատրաստուած էր ձեռնարկին համար։ Երեկոյեան արդէն սկսաւ հրապարակը խճողուիլ ծնողներով, ուսուցիչներով եւ աւարտականներով։ Նկատեցի, որ ընկերական տարբեր կապ մը կար այս աւարտականներուն միջեւ, ինչ որ շատ տարբեր էր մեզմէ։ Երիտասարդներուն մտերմութիւնը նախանձս արթնցուց եւ ցոյց տուաւ երկու երկիրներու տարբերութիւնը։ Հետաքրքրական երեւոյթ էր տեսնել, թէ ինչպէ՛ս նոյն դպրոց յաճախող աշակերտները հագած էին միատեսակ զգեստ, որ ցոյց կու տար անոնց պարզութիւնն ու միակամ ըլլալու իրականութիւնը։ Անոնք չունէին մեր կարելիութիւններն ու առաւելութիւնները, սակայն ասով հանդերձ, մեզմէ աւելի անկեղծութիւն եւ կապուածութիւն կար իրենց միջեւ։
Այդ իրիկուն հաճոյքով եւ նախանձով դիտեցի հայրենիքի երիտասարդութեան տօնախմբութիւնը, որ առիթ մըն էր այսպիսի յիշատակելի օր մը ապրելու դասընկերներուս հետ, հայրենի հողին վրայ։
ՌԻԹԱ ՊԱԼԻ
Հաւատք ու Կամք
Երեք տարեկանէս ի վեր կը յաճախեմ «Ֆերահեան» վարժարան։ Մանկապարտէզի տարիներէն մինչեւ այսօր կը սորվիմ հայոց պատմութիւն, հայ լեզուն, մշակոյթը եւ հայկական աւանդութիւնները։
Երբ նախակրթարանի համալիրէն փոխադրուեցայ մեր երկրորդական բաժինը, ուշադրութիւնս գրաւեց, որ մեծ աշակերտները, դասարանով, ամէն տարի կը ճամբորդէին հայրենիք՝ Հայաստան։ Իմ փոքրիկ ուղեղիս մէջ, կ՛երազէի, որ օր մը ես ալ պիտի մեծնայի եւ դասարանով այցելէի հայրենիք եւ տեսնէի Մասիսները։ Ինձմէ առաջ արդէն երկու եղբայրներս եւ զարմիկներս բախտը ունեցած էին տեսնելու Հայաստանը եւ այնքան հաճելի ու լաւ ժամանակ անցուցած էին, որ չէին դադրեր այդ մասին խօսելէ։ Կը պատմէին ու կը պատմէին…։ Ալ անհամբեր դարձած էի։ Վերջապէս հասաւ մեր կարգը։ Սպասումի 155 օրերէ ետք, արդէն մնաք բարով կ՛ըսէինք մեր ընտանիքներուն եւ մեկնումի պահը հասած էր։
Տասնհինգ օրերու ընթացքին այցելեցինք շատ տեսարժան վայրեր, իւրաքանչիւրը տարբեր տպաւորութիւն ձգեց վրաս, սակայն Խոր Վիրապի փորձառութիւնս բացառիկ էր։ Դասընկերներէս ոմանք կը վախնային վար իջնել նեղ բացուածքէն, ուր Գրիգոր Լուսաւորիչ բանտարկուած էր տասներեք տարիներ։ Յանկարծ կարծես ուժ մը եկաւ վրաս եւ յաղթահարելով վախի զգացումս՝ քաջաբար ոտքերս ուղղուեցան այդ անապահով աստիճաններէն վար եւ ինքզինքս գտայ Վիրապին մէջ։ Քանի մը վայրկեաններ միայն մնացի այդ խուցին մէջ, սակայն այդ կարճ պահուան ընթացքին անդրադարձայ, թէ որքա՛ն զօրաւոր է մարդ արարածին հաւատքն ու կամքը։
Անհաւատալի էր ինծի համար, թէ ինչպէ՛ս կարելի եղած էր գոյատեւել տասներեք տարի այդ մութ, խոնաւ ու սարսափազդու վայրին մէջ:
Եզրակացնելու համար, կ՛ուզեմ յայտարարել, թէ այս այցը պիտի մնայ կեանքիս մէջ բացառիկ եւ անմոռանալի էջ մը, որ սկիզբ առաւ թուղթերու վրայ եւ իր կատարելութեան հասաւ հայրենիքի փողոցներուն մէջ:
ԳԱԹԻԱ ԱՒԱԳԵԱՆ