Յառաջիկայ շաբաթավերջին, երիտասարդական եռօրեայ համագումար մը տեղի պիտի ունենայ առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ։ Այս համագումարը մաս կը կազմէ «Երիտասարդութեան տարուան» առիթով նախատեսուած նախաձեռնութիւններուն։
Համագումարին պիտի մասնակցին Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմերու երիտասարդական միութիւններու անդամներ։ Համագումարը պիտի սկսի Ուրբաթ, 24 Յուլիսի առաւօտուն, յատուկ արարողութեամբ եւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութեան աղօթքով ու պատգամով։
Համագումարը պիտի ընդգրկէ ժամերգութիւններ, Ս. Գրային խորհրդածութիւններ, դասախօսութիւններ, կլոր սեղանի շուրջ հարցերու քննարկում, վկայութիւններ եւ աղօթքի պահեր։
Աւարտին, ներկաները առիթ պիտի ունենան այցելելու San Juan Capistrano-ի վանքը։
Համագումարին մասնակցիլ փափաքող երիտասարդներ կրնան կապ հասատատել առաջնորդարանին հետ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.