ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անսպասելի յայտարարութիւն մը կատարեց՝ ըսելով, որ Ռուսիոյ տնտեսական հարցերը Մոսկուան պիտի ստիպեն, որ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն վրայ իր հակակշիռը մեղմացնէ եւ իր հիւլէական հսկայ զինանոցի քանակը նուազեցնելու հարցերով Արեւմուտքին զիջումներ կատարէ։
Հակադարձելով այս յայտարարութեան՝ Ռուսիոյ նախագահի օգնականներէն Սերկէյ Փրիխոտքօ յայտնեց, որ Պայտընի խօսքերը կը հակասեն վերջերս Մոսկուա այցելած նախագահ Պարաք Օպամայի հաստատումներուն:
Փրիխոտքօ նշեց, որ ոչ միայն Ռուսիոյ մէջ, այլ նաեւ այլ երկիրներու մէջ տնտեսական դժուարութիւնները ծագած են Միացեալ Նահանգներու տնտեսական հաստատութիւններու արկածախնդիր գործունէութեան պատճառով։
Սպիտակ տունը եւս Պայտընի հարցազրոյցին վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ ըսելով, որ նախագահ Օպամա Մոսկուայի մէջ յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներ «ուժեղ, խաղաղ եւ բարգաւաճ Ռուսիա» մը կը փնտռէ։
«Նախագահն ու փոխնախագահը կը հաւատան, որ Ռուսիա մեզի հետ պիտի գործակցի ոչ թէ իր տկարութեան պատճառով, այլ՝ իր ազգային շահերուն համաձայն», ըսաւ Սպիտակ տան բանբերը: