ԱՐՊԻԼ, «Ռոյթըրզ».- Հիւսիսային Իրաքի քրտաբնակ շրջաններուն մէջ 2.5 միլիոն քուէարկողներ մասնակցած են նախագահի ու 111 հոգինոց խորհրդարանի ընտրութիւններուն: Ըստ Երկուշաբթի օր հրապարակուած ոչ վերջնական արդիւնքներուն, նախագահ վերընտրուած է Մասուտ Պարզանին՝ խլելով քուէներուն մօտաւորապէս 70 տոկոսը, իսկ Պարզանիի ու Ճալալ Թալապանիի դաշինքը խլած է խորհրդարանական ընտրութեանց քուէներուն 60 տոկոսը: Ընտրութեանց մասնակցութեան համեմատութիւնը 78.5 տոկոս եղած է:
Սակայն, վերոյիշեալ դաշինքին դէմ առաջին անգամ ըլլալով լուրջ ընդդիմութիւն ցուցաբերած Նեշիրվան Մուսթաֆայի Փոփոխութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչները դատապարտեցին ընտրական օրէնքներու շարք մը խախտումները:
Յատկանշական է նաեւ այն իրողութիւնը, որ Թալապանիի կուսակցութիւնը Փոփոխութիւն կուսակցութեան դէմ պարտութիւն կրած է Սուլէյմանիէի մէջ, որ Թալապանիի «ամրոց»ը կը նկատուէր:
Յայտնենք, թէ շրջանի հայութեան մէկ աթոռ վերապահուած է խորհրդարանին մէջ: