ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակն ու Իսրայէլի վարչապետը Երեքշաբթի, Յուլիս 28ին յայտնեցին, որ գրաւեալ Արեւմտեան Ափի մէջ իսրայէլեան ապօրինի բնակեցման վայրերու հարցով իրենց վէճին մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրած են, սակայն Երուսաղէմի մէջ իրենց հանդիպումին ընթացքին համաձայնութեան շօշափելի արդիւնքներ չեն բացայայտուած:
Նեթանիահու յայտնեց. «Կը յառաջանանք դէպի հասկացողութիւն մը, որ մեզի կարելիութիւնը պիտի տայ պաղեստինցիներուն հետ եւ ամբողջ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու»։
Բնակեցման վայրերու հարցը Իսրայէլի եւ անոր ամէնէն մտերիմ դաշնակիցին միջեւ շուրջ երկու տասնամեակներէ ի վեր յոռեգոյն քաղաքական լարուածութիւնը յառաջացուցած է։
Միչըլ, ջանալով իսրայէլացիներուն մտավախութիւնները մեղմացնել՝ Երեքշաբթի օր յայտնեց, թէ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ «բարեկամներ եւ դաշնակիցներ» են: