ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութենէն աւելի քան 60 անդամներ մասնակցեցան Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած Հայ բժշկական համաշխարհային համագումարին, որուն ընթացքին ընկերակցութեանց պատուոյ անդամներ՝ տոքթորներ Ռէյմընտ Տամատեան, Ճան Պիլէզիքեան, Անդրանիկ Օվասափեան եւ Յակոբ Սուրէն Աքիսքալ դասախօսութիւններ ներկայացուցին:
Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան անդամներ՝ տոքթորներ Րաֆֆի Թաշճեան, Վիգէն Սեփիլեան, Փաուլա Աղաճանեան-Ալավերտեան, Մարիամ Մանուկեան, Ճէրի Մանուկեան եւ Արմէն Կէօնճեան եւս ներկայացումներ առաջնորդեցին իրենց համապատասխան մասնագիտութեանց մէջ:
Նաեւ, տոքթորներ Վարդուշ Ալավերտեան, Արմէն Չէրիք, Ռաճըր Օհաննէսեան, Ֆրիտա Ճորտըն եւ Սալբի Ագարակեան ներկաներուն տեղեկութիւններ փոխանցեցին Հայաստանի մէջ իրագործուող շարք մը բժշկական ծրագիրներու մասին, որոնք շարքին էին՝ դարմանատուներ, անչափահասներու շաքարախտի ծրագիրը, Արցախի մէջ բժշկական շարժուն տարրալուծարանը, ինչպէս նաեւ ոսկրածուծի եւ աչքի խնամքի ծրագիրները:
Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան անդամներ՝ Մարի Քոնիալեան, Սալբի Ագարակեան, Մարիէթ Թաշճեան եւ Զարմինէ Նաքքաշեան եւս ներկայ էին՝ մասնակից դառնալով բուժքոյրերու յատուկ ներկայացման:
Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան սիւները նկատուող տոքթորներ Միսաք Ապտուլեան, Սիլվա Քարճիքեան եւ Արմէն Չէրիք եւս ներկայ էին հաւաքին:
«Համագումարը բարձր մակարդակի եւ յոյժ դաստիարակչական բժշկական համագումար մըն էր: Կազմակերպիչները հոյակապ աշխատանք տարած էին եւ համագումարը շատ լաւ առիթ մըն էր հանդիպելու աշխարհի չորս ծագերուն գործող մեր հայրենակիցներուն, որոնց շարքին էին Մեծն Բրիտանիոյ առողջապահութեան նախարար լորտ Արա Տարզի, որուն անձամբ հանդիպիլս պատիւ մըն էր», կը յայտնէ Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան նախկին նախագահներէն տոքթ. Արմէն Չէրիք:
Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութիւնը հպարտ է իր անդամներով, որոնք նեցուկ կը կանգնին Հայ բժշկական համաշխարհային համագումարի նախաձեռնութեանց:
erngènèr
gareli é, information esdanal
docteurs haroutioun sagheriani yev docteur sarkis karayani massine
thank you
i am waiting
dr. harutyun sagherian passed away about a month ago.
sorry
abssoss
votch meg dogh ir massine
do y ou have some informatdo about docteur sarkis karayan
asbarez 3 ankam ir masin krets
ge tsavim tchèm dessadz
isg intch lour docteur sarkiss kanèrayan’
aghatchelov ge essbassem
merci
ge tsavim t chem dessadz
isg intch lour docteur sarkiss karayan’èn
yèv hagop yazjeianèn (docteur hayka) ?
ttchem dessadz tser agnargadz keroutyounnèr’e
isg mioutyoun’e ge ezpaghvi sin tsoutsartoutyamp
hg
dr. harutyun Garevorian, passed away on 19/3/2010. Sorry