ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան ՁԻԱՀի (AIDS) կանխարգիլման հանրապետական կեդրոնին, այս տարուան առաջին կիսամեակին Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած է ՄԻԱՎ վարակի 83 նոր դէպք, որոնցմէ 50ին պարագան՝ ՁԻԱՀի փուլ ախտորոշուած է: 1988էն մինչեւ այս տարուան Յուլիս 1, Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած է 757 ՄԻԱՎի վարակակիր, անոնցմէ 556ը՝ տղամարդիկ է, մնացեալը՝ կանայք: ՄԻԱՎ վարակի 16 դէպք (2.1 տոկոս) արձանագրուած է նաեւ երեխաներու մօտ:
ՄԻԱՎ վարակի դէպքերը ամենաշատը արձանագրուած են մայրաքաղաքի մէջ, այնուհետեւ Շիրակ եւ Լոռի մարզերուն մէջ: