ԼԻԶԱ ՃԻԿԷՐԵԱՆ-ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Յուլիս 11ին առիթը ունեցայ ներկայ գտնուելու Փասատինայի ՀԲԸՄ Մշակութային համալիրէն ներս տեղի ունեցած «Ազգանուիրում» ծրագրի հանդիպումներէն մէկուն։ «Ազգանուիրում» ծրագիրը մտայղացումն է դոկտ. Սիլվա Գարայեանի, որուն ջանքերով կազմուած է վարչութիւն մը՝ համախմբելով պատանիներ, համալսարանական ուսանողներ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ։ «Ազգանուիրում» ծրագիրը վերականգնումն է 4000ամեայ հայկական աւանդական սովորութեան մը՝ պատանիներու ազգին ընծայումին։ Անոր նպատակն է հայ պատանիին մօտ արթնցնել ազգային ինքնագիտակցութիւն, սէր ու յարգանք հայ լեզուին, մշակոյթին եւ պատմութեան հանդէպ, ծանօթացում հայկական աւանդութիւններու եւ կենցաղային սովորութիւններու, ներշնչում աստուածասիրութեան, սերմանում ուսումնատենչութեան եւ կերտում պատասխանատուութեան տէր անձերու։ Սոյն ծրագրին կրնան անդամագրուիլ միջնակարգէն երկրորդական փոխանցուող աշակերտներ։ Իւրաքանչիւր խումբ տարուան մը ընթացքին, ամսական դրութեամբ, հանդիպումներու կը մասնակցի։ Սոյն հանդիպումներուն յայտագիրները կ՛ընդգրկեն զարգացման եւ ընկերական բաժիններ։ Իւրաքանչիւր աշակերտ կ՛ունենայ իր խորհրդատուն, որուն հսկողութեամբ եւ ուսուցիչներու օժանդակութեամբ, կ՛ամբողջացնէ իր սերտողութիւնը։ Խորհրդատուները համալսարանական ուսանողներ են, որոնք օժտուած են ղեկավարելու եւ դաստիարակելու արժանիքներով:
Վերոյիշեալ հանդիպման օրուան արծարծուելիք նիւթն էր «Ազգային հպարտութիւն»։ «Ազգանուիրում»ի ղեկավար ուսուցչուհիին՝ Լորա Գույումճեանի ընկերակցութեամբ, վերջերս հայրենիք այցելած աշակերտներէն խումբ մը ներկաներուն փոխանցեց իր փորձառութիւնները եւ նշեց այն վայրկեանները, երբ հայկական հողի վրայ գտնուելով հպարտ զգացած է իր հայկականութեամբ։ Ապա, Լորա Գույումճեան ներկայացուց միջազգային ճանաչում ստացած շարք մը հայ արուեստագէտներու, գիտնականներու, երաժիշտներու, ճարտարապետներու եւ հեղինակներու անուանացանկը։ Մինչեւ յաջորդ հանդիպում, մասնակից աշակերտ-աշակերտուհիները պիտի պրպտեն եւ աւելիով պիտի ծանօթանան այդ ցանկին վրայ տեղ գտած անձերուն գործերուն՝ մասնակցելու համար այդ հանդիպման ընթացքին կայանալիք զարգացման մրցումին։ Սոյն աշխատանքին նպատակն է, անշուշտ գիտելիքներու ծանօթացման կողքին, հայ պատանիին մօտ արթնցնել հայ ըլլալու հպարտութեան զգացումը։
Յայտագիրի յաջորդ բաժինը վերապահուած էր հեքիաթասաց Ալիծ Աղպապեանին, որ խօսեցաւ բանահիւսութեան կարեւորութեան մասին, որուն վրայ դարերով հիմնուած էր մեր հարուստ պատմութեան սերունդէ սերունդ փոխանցումը: Ան կրցաւ իւրաքանչիւր աշակերտ մղել ամփոփուելու եւ յիշելու իր մանկութենէն դրուագ մը, ու ապա հրաւիրեց աշակերտները փոխանցելու մեզի իրենց յուշերը, ուր ստեղծուեցան թէ՛ յուզիչ եւ թէ՛ ուրախ պահեր։ Ալիծ Աղպապեանի այս աշխատանքին նպատակն էր արթնցնել աշակերտներուն մօտ անձնական եւ հաւաքական պատմութիւններու անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը։
Հոգեկան գոհունակութիւն պատճառեց ինծի, եւ վստահ եմ ներկայ գտնուող պատասխանատուներուն, այն իրողութիւնը, որ սոյն ձեռնարկը ամբողջութեամբ տեղի ունեցաւ հայերէն լեզուով. ի վերջոյ, ինչպէս նշուած էր, ծրագրին նպատակակէտերէն մէկն էր՝ սերմանել սէր ու յարգանք հայերէն լեզուին հանդէպ. ներկայ եղող բոլոր աշակերտներն ալ արտայայտուեցան հայերէնով։
Ներկայ կեանքի պայմաններու բերումով, երբ գերզբաղ վիճակն ու նահապետական ընտանիքի չգոյութիւնը բաւականաչափ առիթներ չեն ստեղծեր թոռնիկներուն, որ իրենց մեծ հայրերուն, մեծ մայրերուն, մօրեղբայրներուն, հօրաքոյրներուն, զարմիկներուն հետ տեսնուելու եւ շփուելու, հանդիպումներ, որոնց ընթացքին անզգալաբար տեղի կ՛ունենան մշակոյթի, աւանդութիւններու փոխանցում, աւելի կը շեշտուի այս ծրագրին մատուցելիք ու իրագործելիք կարեւորութիւնը։ Անշուշտ, անոր կողքին, աշակերտին տրուելիք գիտելիքներով ու զանոնք ղեկավարողի պիտանի առաքինութիւններով օժտելով, ապահոված կ՛ըլլանք մեր յաջորդ սերունդը մեր մշակոյթին քաջածանօթ առաջնորդներով շրջապատումը։
Ծրագիրին պատասխանատուները ուրախութեամբ կը յայտնեն, թէ այս տարի «Ազգանուիրում»ի պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 18ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ։ Այդ օր, այն թեկնածու պատանիները, որոնք յաջողութեամբ ամբողջացուցած են մասնակցութեան բոլոր պայմանները, պիտի արժանանան «Ազգանուիրումի շքանշան»ին։
«Ազգանուիրում»ի ծրագիրը ՀԲԸՄ Երուանդ Պապայեան մանկավարժական հիմնարկի գլխաւոր ծրագիրներէն մէկն է միայն։ Վարձքը կատար հայապահպանման նպաստող այս վսեմ եւ անձնուէր ծրագրին նեցուկ կանգնողներուն, որոնք կը սատարեն կերտելու «Գործով հզօր եւ խօսքով հանճարեղ» հայ երիտասարդներ-երիտասարդուհիներ։ Անոնք, որոնք կ՛ուզեն մաս կազմել այս ծրագիրին, կրնան դիմել հիմնարկի ներկայացուցիչներէն Լորա Գույումճեանի՝ (310) 212-5851, կամ Յարութ Տէր Դաւիթեանի՝ (818) 590-9293: