ԵՐԵՒԱՆ.- Յուլիս 27ի գիշերը ատրպէյճանցի եւ վրացի «հաքըր»ներ (Համակարգչային կայքէջեր քանդողներ) ռուսական «Աթնաքլասիք» կայքէջին մէջ ոչնչացուցած են 28 հայկական խումբեր, յատկապէս՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն», «Հայաստանը բոլորին համար», «Գարեգին Նժդեհ» եւ այլ խումբեր:
Անոնք յարձակած են այն խումբերուն վրայ, որոնք կը բարձրացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան, ջաւախքահայութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերող հարցեր: