ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ Յուլիս 29ին տեղի ունեցած է պաշտպանութեան նախարարութեան հասարակական խորհուրդի անդրանիկ նիստը, որուն ընթացքին, նախարար Սէյրան Օհանեան նշած է, թէ սոյն խորհուրդի գործունէութեամբ առաւել պիտի ամրապնդուի հասարակութիւն-բանակ կապը եւ պիտի ապահովուի հասարակութեան ներգրաւուածութիւնը երկրի պաշտպանունակութեան բարձրացման գործին մէջ, միաժամանակ խթանելով պաշպանութեան նախարարութեան, հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ քաղաքացիներուն համագործակցութիւնը:
Պաշտպանութեան նախարարը խորհուրդի անդամներուն նաեւ ներկայացուցած է զինուորական ծառայութեան եւ առօրեային վերաբերող որոշ մանրամասնութիւններ: Նիստին մասնակիցները ներկայացուցած են իրենց առաջարկները, ինչպէս նաեւ քննարկուած են խորհուրդի յառաջիկայ գործունէութեան ու հեռանկարներուն առնչուող հարցեր: