Արեւմտեան Եւրոպայի Հայ Կարմիր Խաչը
Հիմնուած՝ 1928ին
Կանխելով Ա. Համաշխարհային պատերազմին համատարած նախճիրն ու հայոց Մեծ Եղեռնի արհաւիրքները, Հայ կարմիր խաչերը արտերկրի մէջ կեանքի էին կոչուած երկու հիմնական նպատակներով. առաջին՝ Սփիւռքի տարագիր հայ կնոջ կազմակերպուած օժանդակութիւնը ի սպաս դնելու մեր համազգային կարիքներու բաւարարման գործին եւ, երկրորդ՝ հայ կնոջ նախախնամական կենսարար կոչումէն անդին, անոր անմիջական գուրգուրոտ ձեռքն ու սիրտը անհրաժեշտ էին, որպէս դրական ազդակ՝ հայ վտարանդի ժողովուրդի բեկորներուն ֆիզիքական ու բարոյական գոյութեան պահպանման։
Թէեւ յաղթական՝ որպէս Դաշնակից պետութիւններու ամենայառաջադէմ երկիրներէն մին, Ֆրանսան Առաջին աշխարհամարտէն դուրս եկած էր մարդկային թէ նիւթական մե՛ծ վնասներով, որոնք յաջորդ տասնամեակներուն որոշապէ՛ս պիտի ազդէին անոր ներքին եւ արտաքին յարաբերութիւններուն ու քաղաքականութեան վրայ։ Հակառակ տիրող անստոյգ վիճակին, զինադադարէն տասը տարի ետք, Ֆրանսայի 40,000ի հասնող հայ գաղթականութիւնը -շնորհիւ երկրին ճարտարարուեստական ընդարձակ կառոյցներուն ընծայած աշխատանքային կարելիութիւններուն- յաջողած էր որոշ տնտեսական կռուաններ ստեղծել գաղութէն ներս։
Երկրին գլխաւոր կեդրոններուն մէջ, արդէն իսկ կեանք կ՛առնէին համայնքային կառոյցներ, օրաթերթեր, հայրենակցական, մշակութային եւ այլ միութիւններ։ Դպրոց եւ եկեղեցի -ազգապահպանման առաջնահերթ այդ ազդակները- արդէ՛ն կը ներկայանային որպէս հրամայական պահանջ՝ ամէն տեղ, ուր բուռ մը հայութիւն կար բոյն դրած։ Յարաշարժ այս մթնոլորտին մէջ, հայ կինը պէտք է իր բաժինը բերէր ասպարէզ իջնելով այր մարդու կողքին։ Օտար երկնքի տակ ազգային կեանքի մը կազմակերպման գործին մէջ, հայ կնոջ դերը, որպէս ամուսին, մայր, դաստիարակ ու, միանգամայն, ողնասիւ՛նը մարդասիրական կազմակերպութիւններու՝ կարելի չէր գերագնահատել։
Հայրենի սահմաններէ ներս ամենօրեայ քաղաքական հալածանքները, կալանաւորներու, աքսորեալներու եւ անոնց անտէր ու անպատսպար ընտանիքներուն թշուառ վիճակը, օտարութեան մէջ երիտասարդութեան հոգեկան ու ֆիզիքական էութեան սպառնացող վտանգները, եւ մասնաւորաբար հայ մանուկներու հայեցի՛ դաստիարակութեան գործը առաջնագոյն պահանջներ էին, որոնք հրաւէր կը կարդային գաղթական հայ կնոջ՝ ասպարէզ իջնելու որպէս կամաւոր «Խաչուհի»։
Այս պայմաններուն մէջ էր, որ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայ Կարմիր Խաչը ծնունդ առաւ 1928 թուի սկիզբները առժամեայ շրջանային վարչութիւնով մը։ Հիմնուած Ամերիկահայ Կարմիր Խաչի Ծրագիր-Կանոնագրին վրայ, նորակազմ վարչութեան առաջին գործը եղաւ հրատարակութեան տալ տեղական պայմաններուն յատուկ առժամեայ ծրագիր-կանոնագիր մը եւ անմիջապէս աշխատանքի անցնիլ։
Յատուկ ուղեցոյցներով ծրագիրներ ուղարկուեցան Լիոն, Վիէն, Արտէշի շրջանը, Տէսին, Մարսէյ, Վալանս, Փոն-տը-Շէրի, Սէն-Շամոն, Սէնթ-Էթիէն, Փարիզ, Պրիւքսէլ, Պորտօ, Նիս, Պէլֆոր, Կարտան, Կրընոպլ եւ Մոնփէլիէ։ Կարճ ժամանակուայ մէջ, եւրոպահայ Կարմիր խաչը դարձաւ կանոնաւոր եւ լուրջ կազմակերպութիւն՝ 8 մասնաճիւղերով եւ աւելի քան 200 գործունեայ անդամ-անդամուհիներով։
Աշխարհացրիւ Հայ Կարմիր խաչերու վերեւ նշուած կրկնակի նպատակները անհրաժեշտ կը դարձնէին անոնց միջեւ այնպիսի՛ փոխ-յարաբերութեան մը հաստատումը, որուն ընդհանուր կառոյցին մէջ անոնք կարենային միակամ, համադրուած ծրագրաւորումով եւ աշխատանքով հանդէս գալ համազգային կարիքներու բաւարարման ի խնդիր։ Այս մտահոգութեամբ, արտերկրի Հայ Կարմիր խաչերը ի մի համախմբելու եւ շաղկապելու պարտականութիւնը կ՛իյնար Ամերիկահա՛յ Կարմիր խաչի ուսերուն՝ ի տես այն իրողութեան, թէ անոր օժանդակութիւնը համազգային կարիքներու բաւարարման գործին մէջ անհամեմատօրէն մեծ էր եղած։ Աւելի՛ն, աշխատանքներու համադրման ի խնդիր, ան արդէն իսկ ձեռնարկած էր Հայ Կարմիր խաչերու համախմբման գործին՝ սերտ կապեր հաստատելով Յունահայ Կարմիր խաչին հետ, միաժամանակ ծրագրային յարաբերութիւններ մշակելով մնացեա՛լ Հայ Կարմիր խաչերու հետ։
Այս նկատառմամբ, Սեպտեմբեր 30 – Հոկտեմբեր 3, 1928 թուին, Մարսէյի մէջ կայացած իր առաջին պատգամաւորական ժողովին, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայ Կարմիր խաչը -ի ներկայութեան, եւ մասնակցութեամբ, Ամերիկահայ Կարմիր խաչի ներկայացուցիչ, Արշակ æամալեանի կ՛անցընէր հետեւեալ բանաձեւերը.-
1. Եռանդուն կերպով հետամտիլ, որ արտասահմանի բոլոր Հայ Կարմիր խաչերը ի մի ձուլուին մէկ ընդհանուր Հայ Կարմիր խաչի կազմակերպութեան մէջ՝ պահելով, ապակեդրոնացման սկզբունքով, իրենց ինքնուրոյնութիւնը տեղական գործերու մէջ։
2. Մինչեւ ընդհանուր Հայ Կարմիր խաչի կեդրոնի հաստատումը, ճանչնա՛լ Ամերիկահայ Կարմիր խաչի Կեդր. վարչութիւնը իբրեւ ընդհանուր Կեդրոնական վարչութիւն, եւ ընդհանուր ազգային կարիքներու բաւարարման գործին մէջ ղեկավարուիլ անոր որոշումներով ու ցուցմունքներով։
3. Այս երկու կէտերու շուրջ Ամերիկահայ Կարմիր խաչի Կեդր. վարչութեան հետ համաձայնութեան գալէ ետք՝
ա. Անոր տրամադրել Արեւմտ. Եւրոպայի Հայ Կարմիր խաչի Կ. վարչութեան կազմակերպական հասոյթներուն 25 առ հարիւրը։
բ. Իրաւունք ստանալ գործածելու Ամերիկահայ Կարմիր խաչի զինանշանը՝ Արեւմտ. Եւրոպայի Հ.Կ. Խաչի կնիքին համար։
գ. Ճշդել Ամերիկահայ Կ. Խաչի Կ. վարչութեան հետ, թէ ի՛նչ պայմաններով ու քանի՛ ձայնի իրաւունքով Արեւմտ. Եւրոպայի Հայ Կարմիր խաչը պէտք է մասնակցի Ամերիկահայ Կարմիր խաչի պատգամաւորական ժողովին։
դ. Ճշդել Ամերիկահայ Կ. Խաչի Կ. վարչութեան հետ, թէ Արեւմտ. Եւրոպայի Հ.Կ. Խաչի Կանոնագիրը ո՛ր կէտերուն մէջ եւ ի՛նչ փոփոխութիւններու պէտք է ենթարկուի՝ ծրագրուած միացումը իրականացնելու համար։
Ակնունիի ջանքերով, Ատլանտեանէն անդին, Նիւ Եորքի մէջ իրականացած կազմակերպութեան ծնունդէն 18 տարիներ ետք -այս անգամ Արշակ æամալեանի հեռատես ճիգերով եւ համահայկակա՛ն տեսլականով- եւրոպական ցամաքամասին վրայ լոյս աշխարհ կու գար Արեւմտեան Եւրոպայի Հ.Կ. Խաչը՝ հիմերը դնելով ապագայ համաշխարհային կնոջական այն կազմակերպութեան, որ կոչուած էր բացառիկ դեր մը ստանձնելու 20րդ ու 21րդ դարերու հայ փոթորկալից իրականութեան մէջ, Սփիւռքի հեռաւոր անկիւններէն մինչեւ Հայաստան, Արցախ ու æաւախք։
ՀՕՄի Կեդրոնական
Տեղեկատուութեանց Գրասենեակ