ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 30 Յուլիսին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը: Հանդիպման ներկայ էին Բիւրոյի անդամ դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանը եւ Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամ Արա Տէմիրճեանը:
Հանդիպման ընթացքին խօսակցութիւնները ընդգրկեցին Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը առաւել ամրապնդելու կարելիութիւնները եւ յատկապէս վերջերս Արցախի մէջ հայ-թրքական յարաբերութեանց գծով տեղի ունեցած համագումարի օրակարգին թեմաները:
Վեհափառ հայրապետը գնահատեց Արցախի եւ ընդհանրապէս ազգային պահանջատիրական պայքարի գծով տարուող աշխատանքները՝ վերահաստատելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման եւ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն վերատիրացման գործին: