Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Մեր մարմնի ջերմաստիճանը ցուցանիշն է մեր մարմնի ջերմային վիճակին։
Ան կը պահուի մարմնի ջերմակարգաւորման յատուկ գործընթացներով եւ կը տարուբերի 36.5-37.5 սանթիկրէյտ աստիճանով։
æերմակարգաւորման գործընթացը պայմանաւորուած է մարմնական ջերմառաջացումով եւ ջերմատուութեամբ եւ կամ ջերմակորուստով։
æերմառաջացումը կը կանոնաւորուի մարմնի տարբեր օրկաններու եւ հիւսուածքներու ջերմարտադրութեամբ, այլ խօսքով մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակումի (metabolism) գործընթացով, որ հիմնականօրէն տեղի կ՛ունենայ լեարդի մէջ եւ մկաններու պրկում-կծկումներով։
æերմատուութիւնը տեղի կ՛ունենայ մարմնի մակերեսէն եւ շնչառական համակարգի խլնաթաղանթէն երեք ձեւերով՝
1. Շողարձակում (radiation). մարմնի մակերեսէն դէպի մեր շրջապատը.
2. Անմիջական փոխանցում (conduction). մարմնի մակերեսէն դէպի մեր հագած հագուստները.
3. Շոգիացում (vaporization). մարմնի մակերեսէն դէպի մեր շրջապատը.
Շրջապատի ջերմութիւնը եւ խոնաւութիւնը անմիջականօրէն առնչուած են մարմնի ջերմատուութեան հետ։ Մեր մարմինը կը փորձէ բնախօսականօրէն հակակշռել եւ կամ համակերպիլ տարբեր միջավայրերու եւ տարբեր եղանակներու ջերմաստիճանի փոփոխութիւններուն հետ։ Մարմնի մակերեսը՝ մորթն է, որ կը կատարէ այս աշխատանքը պահելու համար մեր մարմնի ջերմաստիճանը բնական սահմաններու մէջ։ Շրջապատի շատ խոնաւ օդի պարագային, ջերմութիւն չենք կորսնցներ, որովհետեւ մարմնի մակերեսէն շոգիացում տեղի չունենար:
Անապատի տաք եւ չոր օդի պարագային, ջերմառաջացում տեղի չ՛ունենար, սակայն մարմնի մակերեսէն ջերմատուութիւն եւ ջուրի կորուստ կը պատահի հետեւեալ միջոցառումներով՝
1. Մորթի ներքին խաւին մէջ գտնուղ քրտնաբեր գեղձերը կ՛արտադրեն առատ քրտինք, որ կը կորսուի շոգիացումով։
2. Մորթի մազերը կը մնան պառկած հորիզոնական դիրքի մէջ եւ կը նպաստեն ջերմատուութեան։
3. Մորթի զարկերակները կ՛ընդլայնին, արեան շրջագայութիւնը կ՛արագանայ եւ ջերմատուութիւնը կ՛աշխուժանայ։
Պաղ եղանակներուն ջերմառաջացումը կ՛աշխուժանայ եւ ջերմատուութիւնը կը նուազի հետեւեալ միջոցառումներով՝
1. Քրտնաբեր գեղձերը նուազ քրտինք կ՛արտադրեն, շոգիացում տեղի չունենար, ջուրի եւ ջերմի կորուստ չի պատահիր։
2. Մորթի մազերը կը մնան ցցուն վիճակի մէջ եւ արգելք կը հանդիսանան ջերմատուութեան։
3. Մորթի զարկերակները կը նեղնան, արեան շրջագայութիւնը կը դանդաղի եւ ջերմատուութիւնը կը նուազի։
4. Ուղեղի ջերմականոնաւորման կեդրոնի հրահանգներով, մարմինի մկանները կը պրկուին, կը կծկուին, տեղի կ՛ունենայ դող եւ ջերմառաջացում։
Պաղ օրերուն, երբ մարզանք կ՛ընենք, մարմինի ջերմութիւնը կը պահուի բնական, իսկ տաք օրերուն մարզանք ընելով՝ տեղի կ՛ունենայ ջերմատուութիւն եւ քրտինք։
æերմառաջացումը նուազագոյնի կ՛իջնէ քունի ընթացքին, որովհետեւ մարմինի ընդհանուր նիւթափոխանակումի գործընթացը կը դանդաղի. ան առաւելագոյնի կը հասնի օրուան ընթացքին, երբ շարժումի եւ աշխատանքի մէջ ենք, որովհետեւ մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակումի գործընթացը զգալիօրէն կ՛աշխուժանայ։ Այս նիւթափոխանակումի գործընթացը շատ զգայուն է մարմնի ջերմաստիճանի փոփոխութեամբ։ Մարմնի ջերմաստիճանի նուազումով եւ կամ բարձրացումով, մարմնի նիւթափոխանակումի գործընթացը զգալիօրէն կը դանդաղի եւ կամ կ՛աշխուժանայ, եւ անհատը կ՛ունենայ զանազան անբնական հիւանդագին երեւոյթներ։
Հետեւեալ սանթիկրէյտ ջերմաստիճաններուն, անհատը կ՛ունենայ՝
38ին՝ քրտինք, մարմնական հոգնածութիւն, թեթեւ անօթութիւն.
39ին՝ քրտինք, երեսի կարմրութիւն, տաքի զգացողութիւն, սրտի արագ զարկ, շնչասպառութիւն, հոգնած վիճակ.
40ին՝ նուաղում, ջրանուազում, մարմնական սուր տկարութիւն, փսխունք, գլխացաւ, գլխապտոյտ, առատ քրտինք.
41ին՝ մտային խանգարում, շփոթութիւն, պատրանք, շատ արագ սրտի զարկ եւ սուր շնչահեղձութիւն. հոս այլեւս անհատը շտապ օգնութեան կը կարօտի եւ կամ հիւանդանոցային խնամքի.
42ին՝ մահաքունակ վիճակ եւ կամ մահ.
36ին՝ մեղմ դող.
35ին՝ սուր դող, մորթի անզգայութիւն եւ տժգնութիւն, սրտի անկանոն զարկ.
34ին՝ մատներու անշարժութիւն, մտային կորսուածութիւն եւ շփոթութիւն.
33ին՝ սրտի զարկի նուազում եւ անկանոնութիւն, շնչասպառութիւն, մկաններու անշարժութիւն.
32ին՝ խոր քուն, մահաքունակ վիճակ, անշարժացում, սրտի զարկի դանդաղում եւ սուր անկանոնութիւն, մահ:
Մեր մարմնի ջերմաստիճանը կը գիտնանք յատուկ ջերմաչափերով, որոնք կը զետեղուին բերնին, յետոյքին, ականջին եւ կամ անութին մէջ։ Մանուկներու մօտ լաւագոյն եւ դիւրին ձեւն է՝ յետոյքի եւ ականջի միջոցառումները։
Մարմնի ջերմաստիճանը բարձրացում կ՛արձանագրէ ուտելէ եւ հոգեբանական ցնցումներէ ետք, նաեւ իգական սեռին մօտ դաշտանի օրերուն։
Մարմնի ներքին օրկանները աւելի տաք վիճակ կ՛ունենան քան մեր մարմնին մակերեսը, այսինքն՝ մեր մորթը. առ այդ մեր մարմնի մակերեսին տաքութիւնը կը կանոնաւորուի հետեւեալ միջոցառումներով՝
1. Ներքին օրկաններու ջերմութեան փոխանցումը մարմնի մակերեսին անմիջական հաղորդակցութեամբ եւ արեան շրջագայութեամբ.
2. Մեր գործածած հագուստները կը պաշտպանեն մեր մարմինը եւ արգելք կը դառնան մակերեսային ջերմակորուստի.
3. Մեր մորթի եւ շնչառական համակարգի խլնաթաղանթի խոնաւութեան շոգիացումով.
Ամէն ժամ մենք անզգալաբար կը կորսնցնենք մեր մարմնի մակերեսէն եւ շնչառական խլնաթաղանթէն 50 մլ ջուր, իսկ շատ տաք-չոր եւ աշխատանքով ծանր օրերուն կը կորսնցնենք մինչեւ 1.5 լ. ջուր։
Մոնթրէալ