Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Նախորդ թիւով գրած էինք երջանկութեան զանազան միջոցներու մասին: Այս թիւով կը շարունակենք անոնց շարքը՝ առաւել եւս օգտակար հանդիսանալու համար.
7- Ձեր տխուր մտքերը եւ գաղափարները արագ շրջանցեցէք: Եթէ կը զգաք, թէ տխուր էք եւ չէք կրնար լաւատես դառնալ, արագ մտածելու սկսէք եւ այդ ձեւով փոխեցէք ձեր տրամադրութիւնը: Ըստ մասնագէտներու, արագ մտածելը եւ գաղափարներու մրցումը կրնայ մեր տրամադրութիւնը բարելաւել: Օրինակ, երբ ձեր ամուսինը կամ հարազատներէն մէկը կը նեղացնէ ձեզ, անմիջապէս արագ կերպով մտածեցէք այն բոլոր լաւ յատկութիւններուն մասին, որոնցմով տուեալ ենթական ձեզ կ՛ուրախացնէ: Արագ մտածելուն առաւելութիւնը այն է, որ միտքը կը շփոթի տուեալ դէպքին տխուր հարցին վրայ կեդրոնանալէ:
8- Դրացիներուն դռները թակեցէք: Երբ անտրամադիր էք, ձեր ուրախ եւ լաւատես հարեւաններուն հետ ընկերային խօսակցութիւնը շատ պիտի նպաստէ տրամադրութեան բարձրացման: Ժամանակին մարդիկ, երբ սեփական եւ անհատական զբաղումներ չունէին, անոնք իրարու քով հաւաքուելով՝ հաճելի ժամեր կ՛անցընէին: Շատ ուրախ կը բաժնուէին իրարմէ, որովհետեւ հոգեպէս եւ մտովին յագեցած էին: Նոյն թաղեցիներ կամ գիւղացիներ, որոնք կը բաժնէին նոյն ուրախութիւնները, հոգերը մտածելակերպը եւ կենցաղը, իրարու մօտ հաւաքուելով՝ իրենց առօրեան եւ հոգիները կը լեցնէին: Դժբախտաբար այսօրուան տագնապալից առօրեային մէջ, շատ քիչեր առիթ ունին իրենց հարեւաններուն հետ յարաբերելու: Ընտանեկան յարաբերութիւնները նուազագոյնի հասած են: Տուն հասնելէ ետք ոչ ոք, առանց նախօրօք տեղեակ պահելու, պիտի այցելէ իր հարեւան բարեկամն անգամ: Կեանքի եւ քաղաքակրթութեան պայմանները աւելցուցած են մեր կենցաղային կապանքները: Հակառակ այսօրուան տիրող իրողութեան, սակայն, մասնագիտական առումով կը հաստատուի, թէ շրջակայքիդ մօտ ապրողներուն հետ յարաբերութիւն մշակելով կրնաս շատ բան փոխել քու ընկերային եւ առողջական վիճակէդ: Անոնք, որոնք իրենց ընկերներուն մօտ կ՛ապրին (1/2 մղոն հեռաւորութեամբ), 42 տոկոսով աւելի երջանիկ են, քան միւսները, որոնք հեռու կ՛ապրին:
9- Ձկնորսութիւն: Ձկնորսութիւնը շատ հանդարտեցնող հետաքրքութիւն մըն է: Նոյնպէս B կենսանիւթը պարունակող ուտելիքները շատ կ՛օգնեն տրամադրութեան բարձրացման: Ձկնեղէնը նաեւ իր կարգին, շատ կը նպաստէ տրամադրութեան բարձրացման: Օմէկա-3 իւղոտ թթուն, ամէնէն աւելի գոյութիւն ունի ձկնեղէններու մէջ: Զանազան ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, թէ որքա՛ն աւելի ձուկ ուտես, այնքան աւելի նուազ կ՛ըլլայ գերճնշուած ըլլալու հաւանականութիւնը: Նաեւ բոլոր անոնք, որոնք գերճնշուած են, շատ յոգնած եւ սպառած կը զգան իրենք զիրենք:
10- Լուսաւորեցէք: Թող լուսաւոր ըլլայ ձեր սենեակը, տունը, աշխատանոցը եւ ուր, որ էք ընդհանրապէս: Լոյսը կը նպաստէ «սէրոթոնին» նիւթի արտադրման: Ասիկա այն neurotransmitter նիւթն է, որ կը հաւասարակշռէ տրամադրութիւն: Անբաւարար լոյսի ենթարկուելու պարագային, մարդիկ թեթեւ գերճնշուածութիւն կրնան ապրիլ: Յատկապէս ձմրան կարճ օրերու ընթացքին, այս մէկը աւելի նկատելի կը դառնայ: Այս իմաստով, լոյս արձակող տուփերը իրենց բարի ազդեցութիւնը կը գործեն՝ մարդոց տրամադրութիւնները բարձր պահելու իմաստով: Յատկապէս կապոյտ լոյս արձակող տուփերը, որոնք երկար լոյսի ալիքներ ունին, շատ կ՛օգնեն այս մարզին մէջ: